image

Փութին ի մօտոյ Չինաստան պիտի այցելէ

Փութին ի մօտոյ Չինաստան պիտի այցելէ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մէկօրեայ այցը Փեքին կը սպասուի յաջորդ շաբթուան վերջաւորութեան՝ մայիս 20-ին։ Այս մասին կը հաղորդէ South China Morning Post-ը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները։

Պարբերականի աղբիւրներու համաձայն՝ Փութինի այցելութիւնը Չինաստան Մոսկուայի եւ Փեքինի միջեւ սովորական շփումներու մէկ մասն է, ուստի Ռուսիոյ նախագահի ժամանման առիթով ո՛չ շքերթ, ո՛չ ալ հանդիսաւոր ընդունելութիւն կը սպասուի։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով նախօրէին յայտնած էր, որ Փութինի՝ Չինաստան այցի թուականները արդէն որոշուած են։

«Մօտ ապագային պիտի յայտարարենք այդ ժամկէտները։ Այս այցը կը նախապատրաստուի, եւ կարելի է ըսել, թէ նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են», - ըսած էր ան։

Փութինի նախորդ այցը Չինաստան տեղի ունեցած էր 2025 թուականի օգոստոսի վերջաւորութեան։

Նշենք, որ մայիս 13-15 պաշտօնական այցելով Չինաստանի մէջ կը գտնուի ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։