«Թուրքիա ապրող հայաստանցիներուն վտանգուած չեն եւ անոնց արտաքսման մասին խօսքերը անհիմն »,- «Արեւելք»ին ըսաւ Պոլսոյ Ռոմանոս Ճիզվէճեան: Ճիզվէճեան , Պոլսոյ «Էտիրնէ Գափու» շրջանի գերեզմանատան յանձնախումբի ատենապետն է, նաեւ դիտել տուաւ, որ Պոլսահայութիւնը նոյնպէս հեռու է ճնշումներէ եւ կը վարէ, իր ապահով եւ խաղաղ կեանքը: Ան, դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը (որոնց մեծամասնութիւնը Պոլսոյ մէջ կ'ապրի) կ’ապրին շատ հանգիստ, առանց խնդիրներու, յայտնելով որ համայնքը ոեւէ տեսակ ճնշումներու չ’ենթարկուիր, թուրքերը ոչ մէկ տեսակի նեղութիւն կը պատճառեն հայերուն: Ան այս առումով գնահատեց նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ վերջերս աշխուժացած շատ մը հայկական կալուածներու` հայ համայնքին վերադարձուելու ձեռնարկումները, նշելով սակայն, որ կառավարութեան կողմէ վերադարձուածը հայերու կորսնցուցածին 100-էն 1 տոկոսը չի կազմեր, սակայն կարեւորեց կալուածներու այդ փոքր տոկոսի վերատիրացումը, որ պիտի նպաստէ համայնքի եկամուտային աղբիւրի հարստացման, որու միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ դպրոցներուն եւ այլ հիմնարկներու նիւթական օգնութիւն ապահովել:Անդրադառնալով համայնքի թուային տուեալներուն` ան նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ կ'ապրին 60 000 հայ, որոնցմէ 30-35 հազարը հայաստանցի հայեր են: «Երբեմն հնչող 100 000 հայաստանցիներու գոյութեան մասին խօսքերը չափազանցուած են»,- ըսաւ մեր զրուցակիցը, յայտնելով որ անոնք հիմնական աշխատանքի նպատակող հաստատուած են Թուրքիա, յատկապէս վերջին 8-10 տարիներուն: «Անոնց մէկ մասը փախստականի կարգավիճակով կ’աշխատի, կան նաեւ օրինաւոր աշխատողներ, ինչպէս նաեւ` թուրքի հետ ամուսնանալով թուրքահպատակ դարձած հայեր»,-ըսաւ մեր զրուցակիցը` նշելով նաեւ, որ անոնց մեծամասնութիւնը Հայաստան վերադառնալու մասին չի մտածեր: «Հայաստանցիները բոլորն ալ հանգիստ կ’աշխատին, անոնց արտաքսման վտանգ չ’սպառնար, անոնք բոլորն ալ կ’ապրին վարձու տուներու մէջ, յաճախ իրենց աշխատանքի վայրերէն ներս սնունդ կը ստանան, իսկ շաբաթը անգամ մըն ալ հրաման ունին իրենց ընկերներուն հետ հանդիպելու եւ ժամանակ անցնելու»,- պարզաբանեց ան, յստակացնելով, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճիշդ է, որ չ’երաշխաւորեր անոնց Թուրքիա հաստատուիլը, սակայն միաժամանակ զանց առած է այդ խնդիրը, ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ` միւս փոքրամասնութիւններու հանդէպ նոյն կերպ կը վերաբերի:
Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին մասին` մեր զրուցակիցն ըսաւ.
«1915-էն ի վեր շատ տարիներ անցած են, հարկաւ մեր նախնիները շատ վատ օրեր անցուցած են, որոնց մասին ես միայն 25 տարեկանէս վերջ լսած եմ»: Ան յայտնեց, որ իրենց ծնողները սովորաբար միայն իրենց ծերութեան տարիներուն կը բացայայտէին ընտանիքի պատմութիւնը, զայն մոռացութենէ փրկելու մտավախութենէն դրդուած եւ կը պատուիրէին, որ այդ մասին չխօսուի օտարներուն: «Բայց այս ժամանակներուն համացանցը հնարաւորութիւն կու տայ, որ ամէն բանի մասին տեղեակ ըլլանք»,- ըսաւ ան` շեշտելով այդ միջոցներէն օգտուելու կարեւորութիւնը:
Ռոմանոս Ճիզվէճեան ընդհանուր Միջին Արեւելքի քաղաքական զարգացումներու մասին յայտնեց իր մտահոգութիւնը, թէ իր միտքը կը պղտորէ այն գաղափարը, որ յանկարծ կրնայ Թուրքիոյ մէջ նոյն «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման գաղափարով մարդիկ ոտքի ելլել: Նշեց, որ միշտ ինքն իրեն հարց կու տայ, թէ արդեօ՞ք թրքահայութիւն կը ստիպուի սուրիահայերու նման իրենց կալուածները ձգելով ելլել, կամ փոքր գումարի դիմաց վաճառել, հետեւաբար իսլամական խմբաւորումներու գոյութիւնը անհանգստութիւն մը կը պատճառէ անոր, յուսալով որ ի դերեւ կ'ելլեն նման մտահոգութիւնները:
Այնուհետեւ քննարկելով «Էտիրնէ Գափու»-ի գերեզմանտան վերաբերող հարցերը, որուն պատասխանատու յանձնախումբի ատենապետութիւնը ինք կը վարէ, մեր զրուցակիցը յայտնեց, որ Պոլսոյ քաղաքապետարանը գերեզմաանտան հարցերուն վերաբերեալ նոյնպէս պէտք եղած օժանդակութիւնը կը ցուցաբերէ, ինչպէս գերեզմանատան ճամբուն վերանորոգումը, ուր 15 օր անընդհատ մեծ թիւով աշխատաւորներու խումբ մը ճամբաները հարթեցած են, նշեց նաեւ ճամբաները մաքրելու գործը, յատկապէս հայ եկեղեցւոյ 5 տաղաւար տօներուն` Ս.Ծնունդի, Զատկի, Վարդեվառի, Ս. Աստուծածնայ եւ Ս. Խաչի օրերուն, երբ մեծ թիւով ժողովուրդ կ'այցելէ գերեզմանատուն:
Գերեզմանտան աշխատանքներուն մէջ իր կատարած նախաձեռնութիւններուն մասին խօսելով, մեր զրուցակիցը յայտնեց, թէ մինչեւ իր ատենապետութեան ստանձնումը, նախորդները ոչ մէկ յստակ տուեալներ չէին փոխանցած, ո՛չ ննջեցեալներու ցանկի մասին, ո՛չ ալ հոն թաղուած պատմական կարեւորութիւն ունեցող դէմքերու մասին, հետեւաբար ինք իր ղեկավարած յանձնախումբին հետ միասին լծուած է այդ աշխատանքին, եւ այդ ծիրէն ներս է, որ ձեռնարկած է գերեզմանատան սրահէն ներս գրադարանի մը պատրաստման գործին: Ան նշեց, որ գրադարանը վերջերս համալրուած է « Հնչակեան 20 կախաղաններ»-ուն վերաբերող գիրքերով, որովհետեւ այդ գերեզմանատան մէջ կը գտնուին անոնց շիրիմները, ինչպէս նաեւ Գեւորգ դպիր Պալատացիի (1600-1712) պարսկերէն-հայերէն բառրանանով, որու մէջ 40 էջ հայերէնով պարսկական գրականութեան վերաբերող էջեր կան: Գէորգ դպիր Պալատացին նոյնպէս թաղուած է «Էտիրնէ Գափու»-ի մէջ, շատ մը այլ մտաւորական եւ կղերական դէմքերու կողքին: Ան աւելցուց, որ ի տարբերութիւն Շիշլիի գերեզմանատան, «Էտիրնէ Գափու»-ի անկեալ վիճակ մը պարզելու հիմնական պատճառը ոչ մէկ կողմի հովանաւորութիւն չունենալն է, բացի միութեան կողմէ նշանակուած 65-70 հոգի յանձնախումբէն, որ կ’աշխատի կամաւոր ձեւով: Ան նշեց, որ գերեզմանատան սեփականութեան վկայագրի համաձայն գերեզմանատունը գրանցուած է Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ վրայ, որու համաձայն անոր տարածքը կը կազմէ 26400 քմ եւ կը պատկանի հայ համայնքին:Ապա խօսելով գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցող միջոցառումներուն մասին, յայտնեց, որ հինգ տարիէ ի վեր Յունիսի 15-ին տեղի կ'ունենայ «20 կախաղաններու» (որոնց շիրիմներու այնտեղ կը գտնուին 1915 թ.-էն ի վեր), յիշատակին նուիրուած օր: Մեր զրուցակիցը նշեց, որ «Նոր Զարթօնք» միւութիւնն ամէն տարի պզտիկ հաւաքոյթ մը կը կազմակերպէ, ասմունքներ կը հնչեն հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով: Ան տեղեկացուց, որ այս տարի այդ օրը մօտ 100 հոգի այցելած է գերեզմանատուն, մեծամասնութիւնը ընկերվարական թուրքեր, որոնք, լաւ տպաւորութիւն ձգելու նպատակով, յարգանքի տուրք մատուցած են քսաններուն:Ան զրոյցի աւարտին մաղթեց, որ խելացի ղեկավարներու միջոցաւ հայ ազգը պահպանուի, երկիրը աւելի զարգանայ եւ ամբողջ հայութիւնը հայրենիք վերադառնայ, Հայաստան հաստատուի: «Հայութիւնը, տարածուելով, ոչ մէկ տեղ կրնայ հասնիլ: Մեր ազգին մէկ տեղ հաւաքուիլ եւ միանալ է հարկաւոր»,- եզրակացուց ան: