image

Արաքչի Իսլամապատ այցելեց

Արաքչի Իսլամապատ այցելեց

 

Ապպաս Արաքչին Իրանի դիրքորոշումը պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ ներկայացուցած է Փաքիստանի բանակի հրամանատարին։ Այս մասին գրուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի պաշտօնական Թելեկրամի ալիքին մէջ։

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սէյէտ Ապպաս Արաքչին, որ մեկնած է Իսլամապատ՝ Փաքիստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ միտքերու փոխանակման համար, շաբաթ առաւօտեան, հանդիպում եւ զրոյց ունեցած է Փաքիստանի բանակի հրամանատար, ֆիլտմարշալ Ասիմ Մունիրի հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած եւ միտքեր փոխանակուած են հրադադարի վերաբերեալ վերջին զարգացումներուն, Իրանի դէմ ԱՄՆ-սիոնիստական վարչակարգին պարտադրած պատերազմի դադրեցման, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ասիոյ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած համագործակցութեան շուրջ։

Արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատած է Փաքիստանի կառավարութեան, մասնաւորաբար՝ ֆիլտմարշալ Ասիմ Մունիրի բարի կամքն ու արժէքաւոր ջանքերը հրադադարի հաստատման եւ պատերազմի դադրեցման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ պարզաբանած է երկրի տեսակէտներն ու նկատառումները այս առնչութեամբ։

Ֆիլտմարշալ Ասիմ Մունիրը, շնորհակալութիւն յայտնելով Իրանին՝ Փաքիստանի հանդէպ, որպէս հարեւան եւ իսլամական երկիր, ցուցաբերած վստահութեան համար՝ դիւանագիտական գործընթացի առաջ մղման մէջ օգնելու հարցով, յայտարարած է իր երկրին պատրաստակամութիւնը շարունակելու Փաքիստանի միջնորդական ջանքերը մինչեւ վերջնական արդիւնքի հասնիլը։