Իրան-Թուրքիա սահմանի թրքական կողմին վրայ բացուած է Կուրպուլաքի մաքսային կէտը, որ, ինչպէս կ՚ակնկալուի, մեծապէս պիտի խթանէ եւ ընդլայնէ երկկողմ տնտեսական համագործակցութիւնը եւ տարանցիկ կարելիութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ Mehr գործակալութիւնը։
Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ տարածքին վրայ՝ Իրանի Արեւմտեան Ատրպէյճան նահանգի նահանգապետ Ռեզա Ռահմանիի, Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Օմեր Պոլաթի եւ շարք մը իրանցի ու թուրք պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ։
Պաշտօնեաները նշած են, որ Կուրպուլաքի մաքսային կէտին բացումը կարեւոր դեր պիտի խաղայ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման մէջ։
Նոր մաքսակէտը կը գտնուի Պազարկան մաքսային թերմինալի դիմաց եւ կը նկատուի Իրանի ամենակարեւոր տարանցիկ անցակէտերէն մէկը։
Այս սահմանային անցակէտով տարեկան կ՚անցնի մօտ 200000 տարանցիկ բեռնատար։