Օրերս իր լրումին հասաւ Քեսապի հայկական համայնքի Կաթողիկէ հոգեւոր հովիւ Գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի հովուական ծառայութեան առաջին տարին։ Այս մէկ տարին եղաւ նուիրումի, հետեւողական աշխատանքի եւ հոգեւոր արթնութեան ժամանակաշրջան մը, ուր վարդապետը իր հեզութեամբ, հայրական հոգատարութեամբ եւ անդուլ ծառայասիրութեամբ կրցաւ համախմբել համայնքը՝ եկեղեցւոյ շուրջ։ Ան իր քարոզներով, ներկայութեամբ եւ անձնական օրինակով ոգեշնչեց հաւատացեալները, զօրացուց համայնքային կեանքը եւ ամրապնդեց եկեղեցիին ու ժողովուրդին միջեւ կապը։ Իր ծառայութիւնը առանձնացաւ ոչ միայն կազմակերպչական աշխուժութեամբ, այլ մանաւանդ՝ սիրով եւ հոգեւոր խորութեամբ լի մօտեցումով, որուն շնորհիւ Քեսապի համայնքը ապրեցաւ աւելի միասնական ու կենդանի հաւատքի մթնոլորտ մը։
Այս առիթով Հայր Գառնիկ հետեւեալ խօսքերը յղեց իր սիրելի համայնքին․
Քեսապի սիրելի հաւատացեալ համայնքին մէջ իմ հովուական ծառայութեան մէկ տարին լրանալուն առիթով, նախ եւ առաջ իմ խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ Իր շնորհքով առաջնորդեց զիս այս ամբողջ ընթացքին, եւ ուժ ու իմաստութիւն պարգեւեց՝ Իր ժողովուրդը սիրով եւ նուիրումով ծառայելու համար։
Յատուկ շնորհակալութիւն եւ գնահատանք կը յայտնեմ սիրելի համայնքի բոլոր զաւակներուն՝ իրենց անկեղծ սիրոյն, մշտական աջակցութեան եւ աղօթքներուն համար, որոնք այս ամբողջ տարին եղան իրական զօրակցութիւն եւ քաջալերանք։ Այս մէկ տարին լի էր փորձութիւններով եւ օրհնութիւններով, հոգնութեամբ եւ ուրախութեամբ, սակայն ամենէն առաջ եղաւ հարուստ հոգեւոր ընկերակցութեամբ եւ միասնական ծառայութեամբ։
Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերեցին ծառայութեան, որոնք աշխատեցան, աղօթեցին եւ սիրով կանգնեցան եկեղեցւոյ կողքին։ Մեր միասնական ծառայութիւնը դարձաւ կենդանի վկայութիւն այն սիրոյն եւ եղբայրութեան, որ կը միացնէ մեզ։
Կ'աղօթեմ, որ Տէրը օրհնէ Քեսապի սիրելի համայնքը եւ մեզի պարգեւէ նոր տարիներ՝ բեղուն ծառայութեան համար, որպէսզի շարունակենք մեր ուղին մէկ հոգիով, մէկ սրտով եւ հաստատ յոյսով։
Սիրով եւ խորին գնահատանքով,
Շնորհակալութիւն սրտանց բոլորին։
Հայր Գառնիկ