Ատրպէյճանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ ստորագրուած է 6 փաստաթուղթ։ Այս մասին Զելենսքին յայտնած է ապրիլ 25-ին Կապալայի մէջ՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մամուլի համար կատարուած յայտարարութեան ժամանակ, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Այսօր մենք ստորագրեցինք 6 փաստաթուղթեր։ Մեր պատուիրակութիւնները անպայման միտքերու փոխանակում պիտի կատարեն անոնց մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ։ Այսօրուան ուղղութիւններուն մէջ առաջնահերթ նշանակութիւն ունի անվտանգութիւնը։
Ինչ կը վերաբերի պաշտպանական արդիւնաբերութեան աճին, ապա Ուքրանիան, պատերազմական պայմաններէն ելլելով, ցուցադրած է դիմադրութեան ուժը, եւ մենք պիտի փափաքինք բաժնեկցիլ մեր փորձագիտական գիտելիքներով։ Այսօր մեր մասնագէտները կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն ատրպէյճանցի գործընկերներուն։ Մենք մտադիր ենք նաեւ հետագային շարունակել այս գործընկերութիւնը եւ անցնիլ համատեղ արտադրութեան»,– ըսած է Զելենսքին։