Պոլսահայ նուիրեալ գործիչ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք կրկին անգամ այցելած է Հայաստան՝ շարունակելով իր երկարամեայ ծառայութեան ուխտը, որ արդէն վաթսուն տարի կը միացնէ զինք Հայ Եկեղեցւոյ եւ Մայր Հայրենիքին հետ։ Այս այցելութիւնը, ինչպէս նախորդները, պարզ ճամբորդութիւն մը չէ, այլ խորքին մէջ՝ առաքելութիւն, որուն մէջ կը միախառնուին հաւատքը, արհեստը եւ ազգային պարտաւորութեան զգացումը։
Սէրթշիմշէք, որ Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիրն է եւ պոլսահայ կեանքի հանրածանօթ դէմք մը, Հայաստան կը վերադառնայ բազմաթիւ առիթներով։ Անոր կապը հայրենիքին հետ տարիներու ընթացքին աւելի ամրացած է՝ թէ՛ եկեղեցական ծառայութեան, թէ՛ անձնական յարաբերութիւններու շնորհիւ։ Իր կնքահայրութեամբ մկրտուած սանիկները, ամուսնացած զոյգերը եւ բարեկամական շրջանակը Հայաստանը դարձուցած են ոչ միայն ծառայութեան դաշտ, այլ նաեւ հոգեւոր ու ընտանեկան հարազատ միջավայր։
Այս վերջին այցելութեան ընթացքին ան նախ այցելած է Վաղարշապատի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, ուր նուիրած է գրակալ մը։ Այնուհետեւ ուղեւորուած է Դիլիջան, ուր տեղւոյն եկեղեցիին ընծայած է խաչ մը, Սուրբ Պատարագի ճարմանդ եւ իր գործունէութեան մասին հրատարակուած գիրքերէն։ Ուխտի այս այցելութիւնը շարունակուած է նաեւ Վանաձոր, ուր զինք ընդունած է Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տէր Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեան։ Սրբազան հայրը օրհնած է բարերարին նուիրած խաչերը եւ զանոնք ընդունած՝ ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ։
Այս այցելութիւնը նաեւ այլ նշանակալի հանգրուան մը ունի։ Սէրթշիմշէք յայտնած է, թէ իր երրորդ գիրքը արդէն պատրաստ է եւ մօտ ապագային պիտի թարգմանուի հայերէնի։ Ան ժպիտով նշած է, թէ կը կարծէ՝ այս մէկը իր վերջին գիրքը պիտի ըլլայ, սակայն բոլորը կը մաղթեն, որ Աստուած երկար կեանք պարգեւէ իրեն, որպէսզի ան շարունակէ իր ծառայութիւնը եւ դեռ մէկ այլ գիրք եւս հրատարակէ՝ իբրեւ իր բացառիկ առաքելութեան նոր վկայութիւն։
Իբրեւ մասնագէտ քիմիագէտ եւ մետաղներու երեսպատման ոլորտին մէջ փորձառու ղեկավար, Սէրթշիմշէք իր կարողութիւնները տարիներ շարունակ ծառայեցուցած է հայկական եկեղեցիներուն։ Անոր ձեռքով նոր կեանք ստացած են բազմաթիւ սրբազան իրեր՝ սկիհներ, կանթեղներ, բուրվառներ, մոմակալներ եւ խաչեր։ Հին ու մաշած առարկաները ան կը նորոգէ, կը զօրացնէ եւ կը փայլեցնէ՝ պահպանելով անոնց պատմական արժէքը։ Այս աշխատանքը պարզ արհեստ չէ, այլ նուրբ գիտութիւն եւ նուիրում պահանջող ծառայութիւն, որուն մէջ «մետաղի լեզուն» հասկնալը կարեւոր դեր ունի։

Սէրթշիմշէքի կապը Հայաստանի հետ սկիզբ առած է 2001 թուականին, երբ ան առաջին անգամ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Միւռոնօրհնէքի առիթով։ Այդ օրուան ընթացքին ան ստանձնեց խորհրդանշական եւ պատասխանատու գործ մը՝ միւռոնի կաթսայի փայլեցումը։ Այս առաջին քայլը դարձաւ երկար ճանապարհի սկիզբ, որ զինք տարաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բազմաթիւ եկեղեցիներ։
Իր այցելութիւններուն ընթացքին Սէրթշիմշէք ոչ միայն կը կատարէ մասնագիտական աշխատանք, այլ նաեւ կը վերապրի հոգեւոր խոր զգացումներ։ Առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն իր յիշողութիւններուն մէջ թէ՛ Պոլսոյ, թէ՛ Հայաստանի եկեղեցիները, որոնց մէջ ծառայած է՝ սկսելով Առինջի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչէն մինչեւ Երեւանի Սուրբ Աննա։
Ան կը խոստովանի, թէ իր ամբողջ գործունէութեան շարժիչ ուժը հաւատքն է։ Իր խօսքով՝ առանց հաւատքի անհնար է նման նուիրումով ծառայել եկեղեցիին։ Իր կատարածը կը դիտէ որպէս Աստուծոյ տուած շնորհքի վերադարձ՝ փոքր բաժին մը այն մեծ պարգեւին, զոր ստացած է կեանքէն։
Այսպէս, Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի հերթական այցելութիւնը Հայաստան կը շարունակէ այն շղթան, որ տարիներ շարունակ կը կապէ զինք հայրենիքին հետ։ Ան կը վերադառնայ ոչ միայն որպէս այցելու, այլ՝ որպէս ծառայող, որուն համար Հայաստան գալը դարձած է հոգեւոր պարտք եւ ներքին բերկրութիւն։