Հայոց ցեղասպանութեան որբերու փրկութեան պատմութիւնը կ՛իրագործուի նաեւ անհատներու անմնացորդ նուիրումով, որոնցմէ լուսաւոր օրինակ մըն է դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընը՝ «Թռչնոց Բոյն»ի սիրոյ ու խնամքի խորհրդանիշը։
Անոր յիշատակը այսօր կը վերակենդանանայ Սոլվենկի մէջ նախատեսուած յատուկ ուխտագնացութեամբ եւ յարգանքի ձեռնարկով։
Այս առումով յառաջիկայ կիրակի օր տեղի ունենալիք ձեռնարկը ոչ միայն յուշ է, այլ նաեւ երախտագիտութեան ու պատմական յիշողութեան վերապրում մը։
Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Հայոց Ցեղասպանութիւնէն փրկուած հայ որբուկներու փրկութեան կէտ հանդիսացող «Թռչնոց Բոյն»ի «Մայրիկը»՝ դանիացի Մարիա Ճէյքըպսըն (Եաքոպսոն), իր ամբողջ կեանքը նուիրած է փրկելու եւ խնամելու հայ որբերը, թէ՛ Խարբերդի եւ թէ Լիբանանի Ժիպէյլ քաղաքին մէջ։ Անոր կիսանդրին կը գտնուի Քալիֆորնիոյ Սոլվենկ քաղաքի Դանիական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։
Ճէյքըպսընի Բարեկամներու խմբակը եւ Նոր Վերնատուն Մշակութային միութիւնը այս տար եւս կազմակերպած են ուխտագնացութիւն մը դէպի Սոլվենկ՝ յատուկ հանդիսութեամբ մը յարգելու Ճէյքըպսընի յիշատակը։
Ուխտագնացութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 26ին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ։ Օրուան հանդիսավարը պիտի ըլլայ Գէորգ Քէօշկէրեան, իսկ յայտագրին պիտի մասնակցին հետեւեալ անձերը՝ վերապատուելի Ճօ Մաթոսեան (բացման խօսք եւ աղօթք), Պետրոս Անսրեան (գլխաւոր բանախօսութիւն), Աստղիկ Թորոսեան (ասմունք), տոքթ․Վարդան Թաշճեան (սրտի խօսք), Մարալ Բարսեղեան (մեներգ), վերապատուելի Ճօ Մաթոսեան (փակման խօսք եւ աղօթք)։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է հեռաձայնել վերապատուելի Ճօ Մաթոսեանին՝ (818) 384-6885 թիւով, կամ Պետրոս Անսրեանին՝ (213) 880-0141։