Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամբ սառեցուցած է Սուրիոյ վերականգնման համար 200 միլիոն տոլարի տրամադրումը, գրած է The Wall Street Journal-ը՝ պաշտօնական աղբիւրներու յղումով։
Օհայոյի մէջ հինգշաբթի ելոյթի ժամանակ Թրամբ ըսած է, որ ԱՄՆ-ն դուրս կու գայ Սուրիայէն «շատ շուտով», եւ «թող ուրիշները անոր (Սուրիոյ իրավիճակի) մասին մտածեն»։ ԱՄՆ պետքարտուղարութիւնը, իր հերթին, յայտնած էր, որ չունի տեղեկատուութիւն Թրամբի՝ «Սուրիայէն դուրս գալու» ծրագիրներու մասին։
Աղբիւրներու համաձայն՝ Սպիտակ տունը յայտնած է Պետական քարտուղարութեան, որ սառեցնէ այդ միջոցներու տրամադրումը։
Աղբիւրները յայտնած են, որ այդ որոշումը առնուած է, երբ նախագահը թերթի մէջ լուր կարդացած է, որ ԱՄՆ վերջերս պարտաւորութիւն ստանձնած է լրացուցիչ 200 միլիոն տրամադրելու վերաբերեալ, որպէսզի աջակցի Սուրիոյ վերականգնման ջանքերուն։
Թերթի համաձայն՝ նախկին պետքարտուղար Ռեքս Թիլերսոնը հանդիսաւորութեամբ խոստացած էր տրամադրել այդ գումարը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի միջազգային նիստի ժամանակ, որ կայացած էր փետրուարին, Քուէթի մէջ։
Յիշեցնենք, որ Տոնալտ Թրամբը յայտարարած էր, որ ԱՄՆ «շատ շուտով» կը հեռանայ Սուրիայէն: Յատկանշական է, որ Թրամփը այս յայտարարութիւնը ըրած է, երբ Փենթակոնը ընդգծած է Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը։
Մինչդեռ ԱՄՆ ռազմական ոլորտի ներկայացուցիչներէն մէկը, որ քաջատեղեակ է Սիրիոյ մէջ ԻՊ-ի դէմ իրականացուող ռազմարշաւի գործընթացին, ընդգծած է, որ չի հասկանար, թէ նախագահի ըսածը խորքին մէջ ինչ կը նշանակէ: Պաշտօնեայի խօսքով՝ այժմ այնպիսի դրութիւն է, որ ամերիկեան զօրքերը Սուրիայէն հանելու ժամանակը չէ: Ան աւելցուցած է, որ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի առաջ դեռեւս շարք մը մարտահրաւէրներ կան՝ ինչպէս երկրի տարածքին մէջ մնացած հարիւրաւոր իսլամիստները, նախագահ Պաշար ալ Ասատի քաղաքական ապագայի անորոշութիւնն ու Ռուսիոյ շարունակական ներկայութիւնը: