ԱՄՆ նախագահ Թրամբ թուիթըրեան իր էջին յայտարարած է, որ որպէս ԱՄՆ նախագահ, պիտի արտօնէ ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի սպանութեան հետ կապուած փաստաթուղթերու հրապարակումը, որոնք տասնամեակներէ ի վեր անձեռնմխելի կը համարուէին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Հայաթ» պարբերականը:
Աղբիւրին փոխանցած տուեալներուն համաձայն, Ուաշինկթընի ազգային արխիւը աւելի քան 5 միլիոն փասթաթուղթ կը պարունակէ Ճոն Քենետիի մահուան վերաբերեալ, որոնք տրամադրուած են հետախուզական մարմիններու, ոստիկանութեան եւ Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ: Անոնց 88 տոկոսը մինչեւ օրս հասանելի դարձած է ժողովուրդին, իսկ 11 տոկոսը որոշ կրճատումներով հրապարակուած է:
Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն, յառաջիկայ հինգշաբթի օր անցեալին չհրապարակուած 3100 փաստաթուղթ հասանելի պիտի դառնայ հանրութեան, իսկ կրճատումներով հրապարակուած տասնեակ հազարաւոր փաստաթուղթեր իրենց ամբողջական նմոյշներով պիտի հրապարակուին:
«Politico» թերթին համաձայն, Թրամբ իր կատարած յայտարարութենէն ետք մեծ ճնշումներու ենթարկուած է, գլխաւորաբար «Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան» կողմէ, որոնք կը ստիպեն զինք նշուած փաստաթուղթերէն մաս մը անհասանելի պահել, մանաւանդ անոնք, որոնք 1990-ականներէն են, որովհետեւ կրնան վտանգի ենթարկել գործակալութեան եւ «FBI» որոշ աշխատակիցներ: