Ամերիկեան «Washington Post» թերթը յայտնած է, որ անցնող երկուշաբթի օր ամերիկեան ուժերը Իրաքի մէջ գործող իրենց ռազմական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը փակած են, բան մը, որ կը նշանակէ, թէ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարը համարեա' իր աւարտին հասած է:
Իր հերթին ԱՄՆ ուժերու Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ թէեւ պաղտատեան գրասենեակը փակուած է, սակայն պատերազմը տակաւին իր աւարտին չէ հասած:
Աղբիւրին համոզմամբ, Ուաշինկթըն կը պատրաստուի իր ուժերու մէկ մասը պահել Իրաքի մէջ, մանաւանդ, որ Թրամբ Սուրիոյ տարածքէն 2000 ամերիկացի զինուոր հեռացնելու մասին անդրադարձ կատարելով հանդերձ, ոչ մէկ ակնարկ կատարած է Իրաքէն զօրքեր հեռացնելուն, որուն պատճառը, ըստ թերթին, ամերիկեան ուժերու մտավախութիւնն է, թէ Իրաք անկարող է երկրին ներսը մնացած զինեալ ահաբեկիչներուն դէմ ինքնուրոյն պայքարելու: