Ճգնաժամէ ճգնաժամ... այսպէս որակած է ամերիկեան «CNN» լրատուական ցանցը նախագահ Թրամբն ու անոր 2017 թուականի աշխատելաոճը:
Թերթը կարծիք յայտնած է նաեւ, որ կարելի է Թրամբին շնորհել «2017 թուականի ճգնաժամերու հեղինակ» անուանումը, նկատի ունենալով մէկէ աւելի ճակատներու վրայ մղուող հակամարտութիւններուն ԱՄՆ-ի մասնակցութիւնը, որոնց վերջինը Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու իր որոշումը:
Առաջին ճակատը, ըստ թերթին, «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման, եւ առհասարակ ահաբեկչութեան դէմ ԱՄՆ-ի մղած պայքարն է, որուն ընթացքին թէեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի ահաբեկչական խմբաւորումները պարտութիւն կրեցին, սակայն ԱՄՆ-ի մասնակցութիւնը որակուեցաւ որպէս «դերասանական պատերազմ», որովհետեւ վերջին հաշւով յաղթանակը վերագրուեցաւ Ռուսիոյ եւ Իրանի դաշնակից Սուրիոյ եւ Իրաքի բանակներուն:
Երկրորդ կարեւորագոյն ճակատը Հիւսիսաին Քորէայի դէմ թշնամանքի ալիքի բարձրացումն է, որուն ընթացքին Թրամբ ջանք չխնայեց Պիոնկ Եանկի զայրոյթը սաստկացնելու, որ եւ մղեց վերջինս ԱՄՆ-ի ուղղութեամբ բալիստեան հրթիռներ արձակելու սպառնալիքներ հնչեցնելու:
Թերթը անդրադարձած է նաեւ Թրամբի կողմէ Մահմուտ Ապպասին տրուած խոստումին, թէ Պաղեստինեան հարցին արդար լուծում պիտի տայ ու Երուսաղէմի վերաբերեալ որոշումները յետաձգել, մինչեւ հակամարտութեան քաղաքական լուծում տրուիլը, սակայն ընդամէնը 8 ամիս անց իր խոստումը դրժելով Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարեց ու պատճառ դարձաւ Պաղեստինի ու Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան սաստկացման: