image

Թմրանիւթ պարունակող լիբանանեան նաւ մը կալանքի տակ առնուած է ՝ Մէրսինի մէջ

Թմրանիւթ պարունակող լիբանանեան նաւ  մը  կալանքի տակ առնուած է ՝ Մէրսինի  մէջ

Թուրքիոյ  ապահովական  մարմիններ  Մերսինի  ափին    կալանաւորած է լիբանանեան նաւ մը, որ մեծ քանակութեամբ  թմրանիւթ  կը  փորձէր տեղափոխել: Կը նշուի նաեւ,  որ  նաւը Թուրքիա կը  հասնէր  լիբանանեան  Թրիփոլի քաղաքէն:

Մերսինի  նաւահանգիստին մէջ    ձերբակալուած Հիւսէյն Ապտալլա անունով լիբանանցի մը «Ալ Ժատիտ» կայանին  հաղորդած է, որ նաւի մէջ կը գտնուին մօտաւորապէս 200 լիբանանցիներ, որոնց մէջ կան երեխաներ:  Կալանքի տակ են նաւն ու նաւի անձնակազմը: Ան նշեց, որ նաւի մէջ գտնուող լիբանանցիները մեծ մասամբ Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու հպատակութիւն ունին: Անոր վկայութեամբ, թուրք պաշտօնեայ մը խոստացած է հարցը կարգաւորել մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը: Կը նշուի նաեւ, որ  Անգարայի  մէջ լիբանանեան դեսպանութիւնը ոչ  մէկ արձագանք   ցոյց  տուած է: Ապտալլա կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն, որ անմիջապէս միջամտեն:

Անդրադառնալով իրավիճակին կին ուղեւոր մը  ըսած է. «Կացութիւնը ծանր է: Մեր  հետ  կան երեխաներ: Լիբանանեան կառավարութիւնը չ’արձագանգեր, իսկ թրքական իշխանութիւննները   մինչեւ  այս պահը սնունդ   չեն  մատակարարեր»: