Թուրքիոյ ապահովական մարմիններ Մերսինի ափին կալանաւորած է լիբանանեան նաւ մը, որ մեծ քանակութեամբ թմրանիւթ կը փորձէր տեղափոխել: Կը նշուի նաեւ, որ նաւը Թուրքիա կը հասնէր լիբանանեան Թրիփոլի քաղաքէն:
Մերսինի նաւահանգիստին մէջ ձերբակալուած Հիւսէյն Ապտալլա անունով լիբանանցի մը «Ալ Ժատիտ» կայանին հաղորդած է, որ նաւի մէջ կը գտնուին մօտաւորապէս 200 լիբանանցիներ, որոնց մէջ կան երեխաներ: Կալանքի տակ են նաւն ու նաւի անձնակազմը: Ան նշեց, որ նաւի մէջ գտնուող լիբանանցիները մեծ մասամբ Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու հպատակութիւն ունին: Անոր վկայութեամբ, թուրք պաշտօնեայ մը խոստացած է հարցը կարգաւորել մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը: Կը նշուի նաեւ, որ Անգարայի մէջ լիբանանեան դեսպանութիւնը ոչ մէկ արձագանք ցոյց տուած է: Ապտալլա կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն, որ անմիջապէս միջամտեն:
Անդրադառնալով իրավիճակին կին ուղեւոր մը ըսած է. «Կացութիւնը ծանր է: Մեր հետ կան երեխաներ: Լիբանանեան կառավարութիւնը չ’արձագանգեր, իսկ թրքական իշխանութիւննները մինչեւ այս պահը սնունդ չեն մատակարարեր»: