image

The Washington post-ի սեփականատէրը միացած է Խաշըքճիի յիշատակի երեկոյին

The Washington post-ի սեփականատէրը միացած է Խաշըքճիի յիշատակի երեկոյին

Amazon-ի հիմնադիր եւ Washington Post-ի սեփականատeէր Ճեֆ Պեզոսը միացած է Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանութեան մօտ Ժամալ Խաշըքճիի հոգեհանգիստի արարողութեան մասնակիցներուն, կը յայտնէ AFP-ը։ Յիշեցնենք, որ մէկ տարի առաջ լրագրողը այնտեղ սպանած էին։

Միջազգային իրաւապաշտպան խումբերը կրկին դիմած են ՄԱԿ-ին՝ կոչ ընելով սպանութեան լիարժէք հետաքննութիւն իրականացնել։

«Իմ կեանքի վատագոյն տարիէն ետք, ես կանգնած եմ այստեղ կոտրուած, սակայն՝ հպարտ։ Ես դեռ արդարութիւն կը փնտռեմ։ Ես կ'ուզեմ իմանալ, թէ ինչ կատարուած է անոր մարմնի հետ։ Ես կ'ուզեմ, որ անոր ընկերները ազատին բանտերէն։ Ես կ'ուզեմ, որ անոնք, որոնք իշխանութեան մէջ են, պատասխանատւութիւն կրեն իրենց գործողութիւններու համար»,- ըսած է ան։

Պեզոսը կարճ ելոյթով հանդէս եկած է։ Դիմելով Չենկիզին՝ ան ըսած է․ «Դուք մեր սրտերուն մէջ էք։ Մենք ձեր կողքին ենք, եւ դուք առանձին չէք»։

Միջազգային իրաւապաշտպան խումբերը այս տարելիցն օգտագործած են, որպէսզի վերսկսին ՄԱԿ-ի ղեկավարութեամբ հետաքննութիւն իրականացնելու կոչերը։

«Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները կը խոչընդոտեն Խաշըքճիի սպանութեան համար համապատասխան պատասխանատւութիւն կրելուն»,- ըսուած է Human Rights Watch-ի յայտարարութեան մէջ։