ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը հերքած է մամուլի մէջ տարածուած այն հրապարակումները, թէ խմբակցութենէն իրեն ըսած են՝ պէտք է մանտաթը վար դնէ։ Ան նաեւ հերքած է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր մօտ կանչած է այդ խնդրով:
Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ան նշած է, որ, այո, հանդիպում վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եղած է։ «Այո, հանդիպած եմ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ քննարկած ենք ամենատարբեր հարցեր, բայց պատգամաւորական մանտաթի մասին որեւէ խօսակցութիւն չէ եղած: Իսկ ինչ կը վերաբերի խմբակցութեան, ապա ես միշտ իմ յարաբերութիւնները գործընկերներու կամ ոչ գործընկերներու հետ կառուցած եմ այնպէս, որ իմ հետ որեւէ մէկը չէ խօսած եւ չի ալ կրնար խօսիլ «պիտի», «պէտք է» ձեւակերպումներով: Հետեւաբար չէր կրնար նման պարտադրանք ըլլալ խմբակցութեան կողմէ իմ նկատմամբ յատկապէս նոր Հայաստանի մէջ, ուր ժողովրդավարութիւնն ու բազմակարծութիւնը գերակայ արժէքներ են»,- ըսած է Թովմասեանը:
Իսկ թէ խմբակցութեան գործընկերներն ինչպէս կը վերաբերին այն փաստին, որ ան իրենց կարծիքէն տարբերող դիրքորոշումներ ունի որոշ հարցերու շուրջ, Թովմասեանը պատասխանած է․ «Ես ԱԺ պատգամաւորի մանտաթը ստանալու օրուընէ որեւէ հարցի շուրջ տեսակէտ չեմ փոխած: Խօսքի ազատութիւնը ինծի համար անփոխարինելի արժէք է, ու ես կը համարուիմ այդ արժէքի կրողը դեռ լրագրութեան տարիներէն»:
Հարցին՝ ի վերջոյ հնարաւո՞ր է, որ մանտաթը վար դնէ, Թովմասեանը ըսած է․ «Եթէ կարճ պատասխանեմ, ապա ոչ»: «Պէտք է ընդգծեմ, որ ժողովուրդը ինձ տուած այդ մանտաթը: Եւ ես հաշուետու եմ նախ եւ առաջ իմ ժողովուրդի առջեւ: Մարդիկ հաւատացած են ինծի, ու ես իրաւունք չունիմ այդ հաւատը կոտրելու»,-ընդգծած է ան: