Ըստ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան, Տէր Զօրի Ալ Օմար նաւթահանքերը, որոնք Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ գտնուող Ալ Մայատին աւանէն ընդամէնը 10քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին, անցած են «Քասատ» ուժերու տիրապետութեան տակ:
Իր հերթին սուրիացի ռազմագէտ Թուրքի Ալ Հասան յայտարարած է, որ Սուրիոյ բանակն այս պահուն իր իշխանութեան տակ առած է երկրի գլխաւոր նաւթահորերը, եւ կը գտնուի Տէր Զօր քաղաքի մուտքին:
Վերջինս նշած է նաեւ, որ բանակը քաղաքի օդակայանի շրջափակումը չէզոքացնելով ազատագրած է հիւսիսային շրջանները, հասնելով մինչեւ Ռաքքայի սահմանը, եւ շարժելով դէպի Պուքամալ քաղաք:
Ռազմագէտին հաւաստմամբ, Սուրիոյ դեմոկրատական (քրտական) ուժերուն դէմ առճակատման դուրս գալու ժամկէտը պայմանաւորուած է Սուրիոյ բանակի առաջնահերթութիւններու դասակարգմամբ, եւ նաւթահորերու ազատագրման ու սուրիական հողերու վրայ իշխանութիւն վերահաստատելու համար ոչ մէկ խոչընդոտ կրնայ խանգարել բանակին: