Այսօր Երեւանի մէջ ընթացք առաւ «Արեւելք Լրատուական»ի նախաձեռնած Լրագրութեան դասընթացքը: Նախաձեռնութեան աջակից «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»էն ներս տեղի ունեցաւ ծանօթացման հանդիպումը եւ առաջին դասախօսութիւնը:
Ներկաներուն ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Արեւելք» կայքի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Սագօ Արեան, որ նշեց, թէ լրագրողական այս դասընթացքի հիմնական նպատակն է լրագրութեամբ հետաքրքրուած երիտասարդ ուժերու ներգրաւումը այսօրուան արեւմտահայերէնով հրատարակուող մամուլի աշխարհին մէջ: Ան նաեւ ըսաւ, որ այս դասընթացքի ընթացքին պիտի ներկայացուին լրագրութեան այսօրուան հիմնահարցերը շօշափող թեմատիկ նիւթեր: Արեան իր խօսքի աւարտին կարեւորեց արեւմտահայերէնով տարրատեսակ թերթեր հրապարակելու անհրաժեշտութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ լրագրութեամբ հետաքրքրուողները կը ներգրաւուին այդ խիստ անհրաժեշտ գործին մէջ:
Օրուայ բանախօսն էր լրագրող եւ դասախօս Մեսրոպ Յարութիւնեանը, որ ներկայացուց «խօսքի (արտայայտուելու) ազատութեան իրաւունք» թեման: Յարութիւնեան անդրադարձաւ խօսքի ազատութեան բաղկացուցիչներուն եւ այդ իրաւունքի պաշտպանութեան կարեւորութեան: Ներկաներու աշխոյժ մասնակցութեամբ քննարկուեցան տարբեր թեմաներ՝ արդեօք խօսքի ազատութիւնը բացարձակ իրաւո՞ւնք է, թէ՞ ենթակայ է որոշ սահմանափակումներու եւ այլն:
Նշենք, որ դասընթացքը, որ կիրականացուի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հայկական բաժանմունքի հովանաւորութեամբ, կազմակերպուած է լրագրական ոլորտին մէջ հմտանալ փափաքող, երեւանաբնակ, արեւմտահայերէնին տիրապետող երիտասարդներուն համար:


