Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու բնակիչները կը պատրաստուին այսօր բողոքի մեծ ցոյցեր իրականացնել։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է քրտական «ԱՆՀԱ» գործակալութիւնը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ Ճազիրէ շրջանի հարիւրաւոր բնակիչներ հաւաքուին Թալ Ապիատ շրջանին մէջ, որմէ ետք անոնք պիտի մեկնին Թալ Արքամ շրջան, ուր կը գտնուի միջազգային դաշինքին պատկանող զինուորական գլխաւոր զօրակայանը։
Նշենք, որ բողոքի այս ցոյցերը տեղի կ՚ունենան այն պահուն, երբ Անգարա սպառնալից ոճով յայտարարութիւններ կը կատարէ եւ կը հաւաստիացնէ, որ թրքական ուժերը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները պիտի ներխուժեն։
Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութիւն իրականացնող մարմիններ զգուշացուցած են, որ եթէ Թուրքիա նման քայլի դիմէ, ապա շրջանին մարդասիրական մեծ տագնապ կրնայ գրանցուիլ։