Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նյուզ»- Պոլիս) Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու այսօր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով քննդատեց ռուսական ուժերու կողմէ Սուրիոյ մէջ եղող թիւրքմէն բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն դէմ կատարուած գրոհները: Թուրք պատասխանատուն նաեւ ըսած է, որ իրենք լրջօրէն մտահոգ են, որ վերջին օրերուն գրանցուած յարձակումներուն հետեւանքով մեծաթիւ գաղթականներ պիտի փորձեն Թուրքիա անցնիլ: Ըստ Տաւութօղլուի, Սուրիոյ բանակը ջարդեր գործած է թիւրքմէններով բնակեցուած Պայըր պուճաք շրջանին մէջ: Նշենք, որ Տաւութօղլույի ըրած յայտարարութեանց համընթաց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Անգարայի մօտ Ռուսիոյ դեսպանը եւ նախազգուշական նոթ մը յանձնած է անոր: