image
Հրատապ լուրեր:

Տաւութօղլու «Խորապէս Մտահոգ Ենք Սուրիոյ Թիւրքմէններուն Դէմ Եղածով»

Տաւութօղլու «Խորապէս  Մտահոգ Ենք    Սուրիոյ Թիւրքմէններուն  Դէմ Եղածով»

Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նյուզ»- Պոլիս) Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու այսօր  յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով   քննդատեց ռուսական     ուժերու կողմէ Սուրիոյ մէջ եղող թիւրքմէն բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն դէմ կատարուած  գրոհները: Թուրք պատասխանատուն նաեւ ըսած է, որ իրենք  լրջօրէն  մտահոգ են, որ վերջին օրերուն  գրանցուած      յարձակումներուն հետեւանքով մեծաթիւ  գաղթականներ  պիտի  փորձեն  Թուրքիա անցնիլ:  Ըստ    Տաւութօղլուի,       Սուրիոյ  բանակը    ջարդեր գործած է թիւրքմէններով բնակեցուած  Պայըր պուճաք  շրջանին մէջ:  Նշենք, որ    Տաւութօղլույի  ըրած յայտարարութեանց համընթաց     Թուրքիոյ  արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է  Անգարայի  մօտ Ռուսիոյ դեսպանը եւ  նախազգուշական  նոթ մը       յանձնած է անոր: