Իրանի խորհրդարանի խօսնակ եւ ամերիկեան կողմի հետ գլխաւոր բանակցող Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ խորհրդարանի նիստի ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ յայտարարած է, որ տարածաշրջանին մէջ որեւէ ենթակառոյց ապահով պիտի չըլլայ, եթէ Իրանի անվտանգութիւնը երաշխաւորուած չըլլայ։ Այս մասին կը հաղորդէ իրանական «Tasnim» գործակալութիւնը։
«Այն տարածաշրջանին մէջ, ուր մենք չենք կրնար նաւթ վաճառել, ոչ ոք նաւթ պիտի վաճառէ, իսկ եթէ մեր անվտանգութիւնը երաշխաւորուած չէ, որեւէ ենթակառուցուածք ապահով պիտի չըլլայ»,– գրած է ան։
Միեւնոյն ժամանակ Ղալիպաֆ նախազգուշացուցած է, որ Իրանը իր դէմ ուղղուած գործողութիւններուն պիտի պատասխանէ «կոշտ, զղջում յառաջացնող, յստակ եւ արագ» կերպով։
Ղալիպաֆ յայտարարած է, որ Իրանի նկատմամբ ծովային շրջափակում հաստատելու, օդային միջանցքները փակելու եւ երկրին առեւտրական կենսական ուղիներուն վրայ առաւելագոյն ճնշում գործադրելու Միացեալ Նահանգնրու ներկայ ջանքերը պիտի ձախողին՝ տնտեսական ոլորտին մէջ լուրջ ծրագրաւորման եւ կառավարման, ինչպէս նաեւ ռազմական պատասխան գործողութիւններու շնորհիւ։
«Սպիտակ տան ղեկավարները պէտք է գիտնան, որ Իրանի հպարտ եւ պատմութիւն կերտող ժողովուրդը երբեք պիտի չնահանջէ սպառնալիքներու, հռետորաբանութեան կամ օդային եւ առեւտրական շրջափակման առջեւ»,– ըսած է ան։
Միացեալ Նահանգները Սեպտեմբեր 23-էն սահմանափակումներ յայտարարած է իրանական օդանաւային ընկերութիւններու նկատմամբ՝ պատժամիջոցներով սպառնալով այն երկիրներուն, որոնք պիտի ընդունին եւ ծառայութիւններ մատուցեն իրանական օդանաւերուն, որմէ ետք առանձին երկիրներ դադրեցուցած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն ժամանող թռիչքներու ընդունումը։