Աւարտին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց մասնակիցները, գնահատելով դաստիարակչական այս ձեռնարկին կազմակերպումը եւ անձնակազմին յանձնառութիւնը։
ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք ՝
Հինգշաբթի, 27 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց «Շուշանիկ» ճամբարը, որ 24-28 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) կազմակերպութեամբ եւ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի գլխաւորութեամբ։ Յայտագրին մաս կը կազմէին հոգեւոր դաստիարակութիւն, ժամանցային խաղեր եւ ձեռային աշխատանքներ։ Ճամբարին 55 հոգի մասնակցեցան, 20 հոգինոց անձնակազմի օժանդակութեամբ։
Աւարտին՝Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց մասնակիցները, գնահատելով դաստիարակչական այս ձեռնարկին կազմակերպումը եւ անձնակազմին յանձնառութիւնը։
