image
Հրատապ լուրեր:

Տարածաշրջանին մէջ թէժ պատերազմի վտանգի մասին Ֆիսքի դիտարկումը

Տարածաշրջանին մէջ թէժ պատերազմի վտանգի մասին Ֆիսքի դիտարկումը

Բրիտանական «The Independent» թերթի լրագրող Ռոպերթ Ֆիսք յօդուածով մը անդրադարձած է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն:

«Միջին Արեւելքի մէջ թէժ պատերազմի բոլոր կողմերը մեծ մտահգութեամբ իրար կը հետեւին»,- գրած է Ֆիսք:

Սուրիոյ ներքին իրավիճակին անդրադառնալով, լրագրողը պատմած է, որ վերջերս Սուրիա գտնուող ռուսական ուժերը ռուս-սուրիական համատեղ ուժերու անունով ամսաթերթ կը հրատարակեն, «Միասին կը կերտենք խաղաղութիւնը» անունով: Թերթին մէջ լոյս կը տեսնեն Ռուսիոյ քարտէզներն ու պատերազմի ժամանակ օգտագործուած զինամթերքի լուսանկարները:

Ֆիսք կարծիք յայտնած է, որ Իսրայէլի գիշերային հարուածներուն եւ իրանեան կողմի պատասխան հարուածներուն մասին ԱՄՆ եւ Ռուսիա անպայմանօրէն նախօրօք տեղեկացած պէտք է ըլլան, եւ արդէն ժամանակն է, որ մարտնչող կողմերը իրար հանդէպ մտահոգութիւն ունենան:

Անցնելով լիբանանեան ընտրութիւններուն, Ֆիսք յայտնած է, որ ընտրութիւններուն յաղթող Ճամիլ Ալ Սայյէտ Սուրիոյ համակիր է, եւ վերջինիս խորհրդարանէն ներս կարդալիք ճառերը կարեւոր ազդեցութիւն պիտի ունենան ի շահ Սուրիոյ: