Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներ լքելով իրենց ընտանիքները կը հեռանան: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Շարք ալ աուսաթ» պարբերականը նշելով նաեւ, որ անցնող օրերուն մեծ թիւով Տահէշի զինեալներ հեռացած են Սուրիոյ «Ալ Պատիյա» անունով յայտնի անապատային շրջանէն ու մեկնած Իրաքի ուղղութեամբ, իրենց ընտանիքները թողելով այդ շրջաններուն մէջ:
Աղբիւրը նաեւ գրած է, որ «Ալ Պատիյա» հասած Տահէշականները հոն ժամանած էին «Ալ Քալամուն»էն, ուր գետնի վրայ եղած զարգացումներուն հետեւանքով ստիպուած էին համաձայնութիւն կնքել լիբանանեան «Հըզպալլա»ին եւ Սուրիոյ պետական բանակին հետ:
Թերթը «Ալ պատիյա»ի մէջ գտնուող ընտանիքներու թիւին մասին տեղեկութիւն չի փոխանցեր, սակայն աւելի վաղ մարդկային իրաւանց մարմիններ ահազանգ հնչեցնուցած էին անոն անմխիթար վիճակին մասին:
Իր կարգին Իրան դատապարտած էր միջազգային դաշինքին կողմէ դրուած արգելքները Տահէշի Լիբանանէն- Սուրիա հեռացող մէկ կարաւանին դէմ: