image

«Տահէշ»ի կողմէ սպաննուած Եզիտիներու պատկանող «հաւաքական գերեզամններ»ու թիւը հասաւ 46 -ի

«Տահէշ»ի կողմէ սպաննուած Եզիտիներու պատկանող «հաւաքական  գերեզամններ»ու թիւը հասաւ 46 -ի

Իրաքեան բանակի յատուկ ջոկատայիններ ուժերը նոր «հաւաքական գերեզման» մը բացայայտած են: Այս մասին լուրը տուած է «Սփութնիք» կայանը նշելով, որ յայտնաբերուած գերեզմանին մէջ գտնուած են 10 եզիտիներու դիակներ:

Իր կարգին  Քիւրտիստանի Տհոք քաղաքի Եզիտեներու հարցերու գրասենեակի տնօրէն Իտան Ալ-Շէխ Քալօ, ըսած է, որ գերեզմանը գտնուած է  Իրաքի Սինճար քաղաքի հարաւ արեւելեան կողմը գտնուող Թալ Գասապ գիւղին մէջ: Քալօ նաեւ յայտնած է, որ գերեզմանի զոհերը եղած են՝ Շաքըր Ֆարէս ընտանիքի անդամներ, որոնք կը պատկանէին հարաւային Սինճարի Թալ Ազիզի շրջանին «Ալ-քորքորքա» ցեղախումբին:

Քալօ խօսելով ցայսօր բացայայտուած եզիտիներու հաւաքական գերեզմաններու ընդհանուր թիւին մասին ըսած է. «Փետրուար ամսուան ընթացքին, ցեղասպանութեան իրաւասու դատարանի մասնագէտերուն կողմէն  (ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը վայելող մարմին մը) բացայայտուած են 39 գերեզմաններ», աւելցնելով, որ յուլիսին հարաւային Սինճարի ազատագրումէն ետք եւս բացայայտուած է շուրջ 5-6  հաւաքական  գերեզման, իսկ վերջինը՝ 30 սեպտեմբերին Թալ Գասապի հիւսիսը գտնուող գերեզմանի  բացայայտումն էր:

Իր կարգին  առեւանգուած եզիտիներու գրասենեակի տնօրէն՝ Հիւսէյն Քորօ Գահտի աւելի վաղ յայտարարած էր, որ յաջողած  են ազատագրել «Տահէշ»ի կողմէ գերեվարուած 3140 եզիտիներ, որոնց մեծ մասը կիներ եւ երեխաներեն:  Ան նաեւ յաւելած է, որ ներկայիս  «Իսլամական պետութիւն» մօտ կան 3000 եզիտի առեւանգեալներ:

Յիշեցնենք, որ «Տահէշ»ի կողմէ Սինճարի գրաւումը տեղի ունեցած էր  2014ի օգոստոսին, կազմակերպութիւնը ահռելի վայրագութիւններ գործած էր հոն բնակող եզիտի փոքրամասնութեան դէմ:

Աւելի ուշ  ՄԱԿ-ի  Ուաշինկթընի մէջ գործող «Հոլոքոսթի թանգարան» ին  կողմէ եզիտիներու դէմ եղածվայրագութիւնները ճանչցուեցան, որպէս «ցեղասպանութիւն»: