Իրաքեան բանակի յատուկ ջոկատայիններ ուժերը նոր «հաւաքական գերեզման» մը բացայայտած են: Այս մասին լուրը տուած է «Սփութնիք» կայանը նշելով, որ յայտնաբերուած գերեզմանին մէջ գտնուած են 10 եզիտիներու դիակներ:
Իր կարգին Քիւրտիստանի Տհոք քաղաքի Եզիտեներու հարցերու գրասենեակի տնօրէն Իտան Ալ-Շէխ Քալօ, ըսած է, որ գերեզմանը գտնուած է Իրաքի Սինճար քաղաքի հարաւ արեւելեան կողմը գտնուող Թալ Գասապ գիւղին մէջ: Քալօ նաեւ յայտնած է, որ գերեզմանի զոհերը եղած են՝ Շաքըր Ֆարէս ընտանիքի անդամներ, որոնք կը պատկանէին հարաւային Սինճարի Թալ Ազիզի շրջանին «Ալ-քորքորքա» ցեղախումբին:
Քալօ խօսելով ցայսօր բացայայտուած եզիտիներու հաւաքական գերեզմաններու ընդհանուր թիւին մասին ըսած է. «Փետրուար ամսուան ընթացքին, ցեղասպանութեան իրաւասու դատարանի մասնագէտերուն կողմէն (ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը վայելող մարմին մը) բացայայտուած են 39 գերեզմաններ», աւելցնելով, որ յուլիսին հարաւային Սինճարի ազատագրումէն ետք եւս բացայայտուած է շուրջ 5-6 հաւաքական գերեզման, իսկ վերջինը՝ 30 սեպտեմբերին Թալ Գասապի հիւսիսը գտնուող գերեզմանի բացայայտումն էր:
Իր կարգին առեւանգուած եզիտիներու գրասենեակի տնօրէն՝ Հիւսէյն Քորօ Գահտի աւելի վաղ յայտարարած էր, որ յաջողած են ազատագրել «Տահէշ»ի կողմէ գերեվարուած 3140 եզիտիներ, որոնց մեծ մասը կիներ եւ երեխաներեն: Ան նաեւ յաւելած է, որ ներկայիս «Իսլամական պետութիւն» մօտ կան 3000 եզիտի առեւանգեալներ:
Յիշեցնենք, որ «Տահէշ»ի կողմէ Սինճարի գրաւումը տեղի ունեցած էր 2014ի օգոստոսին, կազմակերպութիւնը ահռելի վայրագութիւններ գործած էր հոն բնակող եզիտի փոքրամասնութեան դէմ:
Աւելի ուշ ՄԱԿ-ի Ուաշինկթընի մէջ գործող «Հոլոքոսթի թանգարան» ին կողմէ եզիտիներու դէմ եղածվայրագութիւնները ճանչցուեցան, որպէս «ցեղասպանութիւն»: