image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Բաբգէն Արք.Չարեան Գանատայի Թեմի Առաջնորդութեան գլխաւոր թեկնածուն

Տ. Բաբգէն Արք.Չարեան   Գանատայի Թեմի Առաջնորդութեան    գլխաւոր թեկնածուն

 Այս   ամսուան  աւարտին   Գանատայի Թեմը  նոր Առաջնորդ պիտի ընտրէ:  Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ   սոյն պաշտօնին  ամէնէն հաւանական թեկնածուներէն     կը  համարուի   Տ.  Բաբգէն Արք. Չարեան,   որ անցնող 12  տարիներուն  կը վարէր Սպահանի (Նոր Ջուղա)  Թեմի Առաջնորդի պաշտօնը եւ, որ օրեր առաջ ներկայացուցած էր  իր հրաժարակնը:    Պէյրութ ծնած Սրբազան  հայրը այսօրուան   դրութեամբ կը համարուի Անթիլիասի կաթողիկոսութեան  ամէնէն նուիրեալ միաբան  հայրերէն  մին: