image

Սուրիոյ քիւրտերը «ռուսական մուրճ»ին եւ «ամերիկեան սալ»ին միջեւ

Սուրիոյ   քիւրտերը  «ռուսական    մուրճ»ին  եւ  «ամերիկեան  սալ»ին  միջեւ

 Սուրիոյ  մէջ ընթացող զարգացումներու  լոյսին  տակ  բացայայտ  սկսած է  դառնալ,  որ   սուրիական «մեծ  խաղ»ին  մասնակից    գլխաւոր   ուժերը  կը փորձեն ամէն գնով  նախապատրաստել      երկրին համար «նախատեսուած»  յաջորդ   փուլը:

  Ճիշդ է, որ տակաւին   թէժ մարտեր կը  մղուին        Տէր Զօր նահանգի  ծայրամասերուն ու յատկապէս  Սուրիա- Իրաք սահմանային գօտիներուն  վրայ,  որ  եւ      սուրիական  բանակը,   եւ  քիւրտերը  կը փորձեն      մահացու հարուածներ տալ  ISIS-ին: Յստակ է նաեւ,  որ «Իսլամական  պետութիւն»  կոչուած խմբաւորումը    շատ  արագ  եւ  յաճախ  անսպասելի     ռիթմով մը բռնած է  անկումի եւ «վերացման»  ճանապարհը:

Օրինակ մը տալու համար  խօսինք Ռաքքա   նահանգին մասին, որ        անցնող  առնուազն  երկու տարիներուն  հանդիսացած է     ISIS-ի Սուրիոյ       գլխաւոր   կեդրոնատեղի  եւ   Իրաքի   Մուսուլէն  ետք    երկրորդ մայրաքաղաք: Ճիշդ է, որ  քրտական  ջոկատներ    շատ     մեծ  թափով  կռուեցան       ահաբեկչական խմբաւորման   տիրապետութենէն ազատագրելու  համար «բազմաչարչար»  Ռաքքան, սակայն         ծանր մարտերու   վերջին փուլին  ու  անսպասելիօրէն   ISIS-ի  մեծաթիւ   ուժեր     «կ'անյետանային»  Ռաքքայէն   հեշտացնելով      քրտական   ջոկատներուն   գործը:

 Ռաքքայի  ազատագրումէն անմիջապէս  ետք սուրիացի մէկէ աւելի  պատասխանատուներ   յայտարարութեամբ   հանդէս գալով  եղած    ազատագրումը   համարելով «կիսատ»  նուաճում մը  այնքան  ժամանակ, որ  Ռաքքայի մէջ չէ  բարձրացաղ     Սուրիոյ դրօշը:  Բազմակողմանի       իմաստներ ունեցող Ռաքքայի   ազատագրման գործողութիւնը   անպայման որ կը կրէ Միացեալ Նահանգներու   «ստորագրութիւն»ը:

  Արդիական  զէնքեր, համապատասխան սպառազինութիւն եւ  զինուորական ծրագրերու ամերիկեան   մօտեցումներ:  Այս  բոլորը բնականաբար   նորութիւն մը չեն  Սուրիոյ  մէջ    պատերազմող քիւրտերուն համար:

 Նոյնը  կը կատարուի  Գամիշլիի, Հասաքէի,    եւ    Սուրիա- թուրքիա  սահմանային    բոլոր հատուածներուն մէջ, ուր Միացեալ Նահանգներ  եւ յատկապէս  անցնող  մէկ տարուան ընթացքին     յաջողեցաւ   զօրակայաններ    հիմնել եւ ստեղծել     նոր իրավիճակ մը: Բնականաբար   այդ իրավիճակին   շնորհիւ   քիւրտերը  ստեղծեցին «ինքնակառավարման   յատուկ մարմիններ», որոնք    խորթ  աչքով  դիտուեցան    Դամասկոսի    կողմէ:

 

 Յիշեցնելու կարգով   պէտք է         արձանագրել, որ           շուրջ տարի մը առաջ    ծանր  մարտեր  տեղի ունեցան Հասիչէի մէջ: Մէկ կողմէ   Սուրիական  բանակը  եւ  միւս կողմէ   տեղի   քրտական  ջոկատները (որոնք  հանդէս    կու գան տարբեր անուանումներով)   բախեցան իրար:     Սուրիոյ բանակը   գետնի վրայ  կարեւոր  առաւելութիւն ունենալով հանդերձ  մինչեւ վերջ  չգնաց այդ  մարտերուն  մէջ:  Ու մարտերէն    քանի մը օր անց այս անգամ  Մոսկուայի միջամտութեամբ մարտերը   դադրեցան:

  Այդ փուլէն անմիջապէս ետք     բոլոր կողմերուն     ուշադրութիւնը      կը  թեքուէր    դէպի     ISIS:   Միջազգային «կանաչ լոյս»ի  գոյութիւնը       ահաբեկչական   այդ  մարմնին  դէմ    ընթացք առած   մարտերը   կը    բոլորէին կարեւոր    հանգրուան մը եւ այսօր  «ունինք, ինչ որ ունինք»:

 

 Սուրիոյ այսօրուան գետինը     հիմնականին մէջ  բաժնուած է    7 խումբերու:

 ա.Սուրիոյ  պետական զօրքերը,   որոնց անցնող ամիսներուն  կարողացած կարեւոր       նուաճումներ կատարել:բ.  «Չափաւորական»  համարուած  ընդդիմադիր ուժերը:

գ. ISIS-ը, որ ներկայ  պահու դրութեամբ        եւ մասնաւրապէս  Սուրիոյ  մէջ իր  «վերջալոյս»ը  կ'ապրին:

դ. Միջազգային  դաշինքի  ուժերը:

ե.  Ռուսական,  իրանեան եւ  «Հէզպոլլահ»ի  ջոկատները (Միացեալ Նահանգներ եւ «ընկերներ)

  զ. Թրքական  ուժերը

 է.  Ամենատարբեր անուններով    ներկայացող   քրտական    ուժերը: 

 Յառաջիկայ  ամիսներուն           կարեւոր  տեղաբաշխումներ պիտի կատարուին Սուրիոյ մէջ ու յստակ է, որ         գետնի  վրայ  ամէնէն աւելի   «խնդրայարոյց»  ներկայութիւն  ունեցող «Հըզպալլա»ն     պիտի   սկսի       քաշել իր  զօրքերը:

  ISIS  եւս  կը յայտնուի    «վերացման» կամ  նոյնիսկ  «դիմափոխման»   փուլի  մը մէջ:

     Կը  լուծուի նաեւ (Անգարայի   հովանիով)   Իտլիպի  «չափաւորական»  ընդդիմադիրներու      հարցը:

 

  Ու այդպէս գետնի վրայ  կը շարունակեն մնալ  Սուրիոյ  բանակը,  քրտական   ուժերը եւ  բնականաբար   ... ամերիկեան եւ ռուսական ուժերը:

 

  Ու յստակ սկսած է դառնալ, որ   եւ  Միացեալ Նահանգներ եւ   Ռուսաստան  կ'ուզեն կարեւոր   գրաւ  դնել  Սուրիոյ  տարբեր    նաւթային  ու «թէժ»  գօտիներուն մէջ      տեղակայուած    քրտական  ուժերուն     վրայ:

        Ու զարմանալի ալ չէ, որ   նոյն քիւրտերը    կը փորձեն երկու  գերտէրութեանց հետ «համագործակցիլ» ու  մինչեւ  ծայր երթալ իրենց   ընտրանքներուն ու    մօտեցումներուն  մէջ:

 Ամերիկ-քրտական      մերձեցման եւ  յարաբերութեանց  մասին    շեշտ մը դնելէ բացի  բնականաբար   կայ     Մոսկուայի   մօտեցումը  եւ    քիւրտերուն հանդէպ   Ռուսաստանի ցուցաբերած   հետաքրքրութիւնը:  Այ

Այդ  յարաբերութիւններուն մասին  տեղեկութիւններ կը փոխանցեն արաբական լրատու գործակալութիւններ նշելով նաեւ, որ Մոսկուա   յառաջիկայ  օրերուն  պիտի փորձէ  մերձեցման կամուրջ  հանդիսանալ    մէկ կողմէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն  եւ  միւս կողմէ քրտական  ուժերուն միջեւ:

 Օրինակ  «Ալ Ախպար» պարբերականը կը նշէ, որ յառաջիկայ օրերուն «Հըմէմին» զինուորական խարիսխին մէջ կը սպասուի բարձր մակարդակի ժողով մը, որուն մասնակից պիտի ըլլայ սուրիական բանակի բարձրաստիճան զօրավարներ, ինչպէս նաեւ քրտական ջոկատներու ղեկավարներ:Մոսկուայի համար մասնաւորապէս այս հանգրուանին շատ կարեւոր է, որ երկու կողմերը բախումներու չերթան եւ յանգին որոշ պայմանաւորուածութիւններու:Անշուշտ այդ պայմանաւորուածութիւնները կրնան վերջ գտնել, երբ Սուրիոյ տարածքին կ'աւարտին «Իսլամական պետութեան» դէմ ընթացող բոլոր մարտերը եւ սիւննի «չափաւորական» խմբաւորումներն ալ որոշ լուծումներու կ'առաջնորդուին:Այստեղ չպէտք է անտեսել այն փաստը, որ ներկայ հանգրուանին Միացեալ Նահանգներ կարեւոր նեցուկ կը ցուցաբերէ Սուրիոյ մէջ կռուող ջոկատներուն եւ այս մօտեցումին հիմնական ապացոյցըՌաքքայի մարտերն են, ուր զինուորական առաւելութեան եւ մարտական ունակութեան շնորհիւ քրտական յաջողեցաւ Ռաքքան ազատագրել «Իսլամական պետութեան» ճիրաններէն:Ու բնական է, որ քիւրտ խմբաւորումներուն եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները «կարգի բերելու» Մոսկուայի ճիգերը կապ ունին Ամերիկացիներու քայլերուն հետ, որոնց համար այս փուլին Սուրիոյ մէջ կռուող քիւրտերը վստահութիւն ներշնչող եւ ապագային համար գետին պատրաստող գլխաւոր գործօն են: Յառաջիկայ օրերուն աւելի յստակ պիտի դառնայ Մոսկուայի առաջ քշած առաջադրանքը, սակայն յստակ է նաեւ, որ քիւրտերուն համար «երբեմնի երազ» հանդիսացող «Ռոճովա» անունը կրող տարածքն ալ նոյնիսկ եթէ ամբողջական անկախութիւն չունենայ պիտի ունենայ բոլորովին նոր կարգավիճակ մը, որ Սուրիոյ պատերազմէն առաջ եղած կարգավիճակէն շատ աւելի տարբեր իրավիճակ մը ըլլալ:

 

Այս   ընդհնաուր պատկերին    մէջ յստակ   սկսած է դառնալ  նաեւ,  որ    քիչ չէ  թիւը  այն      քիւրտերուն,որոնք կը զբաղեցնեն  ազդեցիկ     դիրքեր եւ որոնք    «անկախութիւն» մը ստեղծելու փոխարէն կը հաւատան, որ     «պարտաւորուած» են ամէն գնով  լեզու գտնել    պաշտօնական  Դամասկոսի    հետ:   Այս գաղափարը  ամէնէն շատ  սկսած է տեղ գտնել Գամիշլիի  մէջ, որ այսօրուան   դրութեամբ կը համարուի  Սուրիոյ   քիւրտերուն  քաղաքական   «ողնաշար»ը: Թերեւս    անոնք   ընդունին    համաձայնութեան  եզրեր գտնել եւ ապրիլ  որոշ ինքավարութեան մը        խորագրին տակ, բայց  եւ այնպէս յստակ  է,ւ որ Սուրիոյ քիւրտերը պիտի չուզեն  իրենց հարեւան    Քիւրտիստանի   սխալները  կրկնել:

 Բացի անկէ  կայ նաեւ  այն   ճշմարտութիւնը, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական  իրավիճակը աւելի         բարդ իրավիճակ մըն է: Մինչ    Քիւրտիստանի մայրաքաղաք   համարուած  ՝Իրպիլը կը   գտնուի  իրաքեան        ուժերու   կրակի   ազդեցութեան  գօտիէն  բաւական հեռու, անդին  Հասաքէի, Գամիշլիի,   Այն  Արապի,   Թէլ Ապեատի  եւ նոյնիսկ Ռաքքայի   քրտական   ջոկատները     կրնան  շատ արագօրէն յայտնուիլ   սուրիական  ուժերու        կրակներու  ազդեցութեան     տակ:

 

 Ու անկէ զատ   յստակ է նաեւ, որ Դամասկոս եւս   չի պատրաստուիր      նոր ճակատներ բանալ,  մանաւանդ, որ  ըլլալիք  ցանկացած   համաձայնութիւնը կրնայ  շահաեր ըլլալ երկու կողմերուն համար ալ:

 

 Այստեղ  պէտք է  նշել նաեւ, որ քիւրտ-   սուրիական      ցանկացած համաձայնութիւն դրական պիտի դիտուի  Անգարայի կողմէն, այնքան ատեն, որ  քիւրտերը   պիտի յարգեն   Դամասկոսի արտաքին  քաղաքականութեան մօտեցումները եւ զերծ    պիտի պահեն  Սուրիա-  Թուրքիա  սահմանը   որեւէ  ձեւի  խլրտումներէ  կամ նոյնիսկ  «ըմբոստութիւններէ»:

 

   Եթէ ուշադիր հայացք մը նետենք Քիւրտիստանի մէջ   գրանցուող   դէպքերուն   վրայ  ապա  շատ հեշտութեամբ պիտի հասկնանք,  որ    շրջանային երկիրներուն կողմէ   քրտական  անկախութիւն մը, նոյնիսկ իր սաղմին  մէջ  խեղդելու  համար եղած  քայլերը        հանգամանօրէն կը պատմեն այն մասին, որ ներկայ փուլին  Միջին Արեւելքի մեծ  քարտէզին մէջ   նոր եւ «շլացուցիչ» փոփոխութիւններ պիտի չըլլան:

 

Խօսքը  փոքր առաւելութիւններով կամ  առանձնայատկութիւններով    կառավարուող   շրջաններու   մասին է, որ    շատ հեռու է  Սուրիան բաժնող  կամ  քանթոներու վերածող  դրոյթներէ:

Շատ  կարեւոր է   սուրիական նաւթահորերու  «բաժանման» հարցը, որն այս օրերուն կը կատարուի   «թուրով եւ արիւնով»:

 

 

  Սագօ  Արեան

 «Արարատ»/ Պէյրութ