Սուրիական «Ալ Ուաթան» թերթը յայտարարած է, որ պետական պատուիրակութիւնը շարք մը պայմաններու կիրառման դիմաց համաձայնած է մասնակցիլ Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ կայանալիք Ժընեւի բանակցութիւններուն:
Պայմաններէն մին, ըստ թերթին, ընդդիմութեան հետ դէմ առ դէմ բանակցելու պայմանի վերացումն է:
Թերթը նշած է նաեւ, որ Ճաաֆարիի գլխաւորութեամբ երէկ առաւօտեան Ժընեւ հասած պատուիրակութիւնը Տէ Միսթուրայի եւ Դամասկոսի ու Մոսկուայի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցներէն ետք ընդունած է մասնակցիլ բանակցութիւններուն, ներկայացնելով իր պահանջները, որոնցմէ է նաեւ այն, որ բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան սահմանադրութեան եւ ընտրութիւններուն շուրջ: