Յառաջիկայ ամսուան աւարտին, Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ անցած պիտի ըլլայ Սուրիոյ նաւթային դաշտերու ամբողջութիւնը: Այս մասին «Global Times»ին յայտնած է Չինաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Իմատ Մուսթաֆա, նշելով, որ վերջին ամիսներուն, Սուրիոյ բանակը կրցած է իր վերահսկողութեան տակ առնել նաւթային գլխաւոր դաշտերը:
Դեսպանը նշած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը այսօր կը ձգտի Սուրիոյ վերակառուցման ծրագիրներ մշակել, մասնաւորապէս ենթակառուցուածքի, ելեկտականութեան, ջուրի, փողոցներու եւ քաղաքացիներու կեանքի բարելաւման անհրաժեշտ կարեւորագոյն ոլորտներուն մէջ: