image

Սուրիոյ նաւթային շրջաններու մեծ մասը կը գտնուի բանակի տիրապետութեան տակ

Սուրիոյ նաւթային շրջաններու մեծ մասը կը գտնուի բանակի տիրապետութեան տակ

Յառաջիկայ ամսուան աւարտին, Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ անցած   պիտի  ըլլայ Սուրիոյ նաւթային դաշտերու ամբողջութիւնը: Այս մասին «Global Times»ին յայտնած է Չինաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Իմատ Մուսթաֆա, նշելով, որ   վերջին ամիսներուն, Սուրիոյ բանակը կրցած է իր վերահսկողութեան տակ առնել նաւթային գլխաւոր դաշտերը:

 

Դեսպանը նշած է, որ  Սուրիոյ  կառավարութիւնը այսօր կը ձգտի Սուրիոյ վերակառուցման ծրագիրներ մշակել, մասնաւորապէս ենթակառուցուածքի, ելեկտականութեան, ջուրի, փողոցներու եւ քաղաքացիներու կեանքի բարելաւման անհրաժեշտ   կարեւորագոյն  ոլորտներուն  մէջ: