Թուրքիա կը շարունակէ իր առաջին ռազմակայանի հիմնադրման աշխատանքները, որուն համանման 8 ռազմակայաններ պիտի հաստատէ Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպի արեւմտեան արուարձանի Շէյխ Պարաքաթ լերան վրայ: Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք» լրատուական կայքը:
Ըստ տեղական աղբիւրներու, Թուրքիա առաւել մեծ թափով կը շարունակէ շինարարական աշխատանքները, առաւել շուտ իր աւարտին հասցնելու համար ռազմակայանի շինութիւնը, որ իր համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ:
Հալէպի արեւմտեան արուարձանը «Ալ Նուսրա» շարժումին հետ կիսող «Նուր Ալ Տին Ալ Զանքի» շարժման մօտիկ ընդդիմադիր աղբիւրներ նշած են, որ «Նուսրա» կը հետեւի եւ կը հսկէ թրքական նոր ռազմակայան մատակարարուող զինամթերքի տեղափոխումը, եւ կարծիք յայտնած, որ մօտ օրերս այն արդէն պատրաստ պիտի ըլլայ:
Սուրիոյ կառավարական ուժերու կարծիքով, յիշեալ ռազմակայանը բացառապէս լրտեսական նպատակներ կը հետապնդէ, այլապէս ի՞նչ իմաստ պիտի ունենար հիմնել ռազմակայան մը, որ դիտարան պիտի հանդիսանայ այլ դիտարանի մը: