«Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու պահպանման ուժեր»ու գլխաւոր հրամանատար Սիապանտ Ուլաթ յայտնած է, որ «Սուրիոյ Քիւրտիստան»ի մէջ նոր ռազմական ուժ պիտի ստեղծուի, որ «Հիւսիսային Սուրիոյ բանակ» պիտի կոչուի, եւ որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ իրենց սահմաններու անվտանգութիւնը պահպանել:
«Russia Today»-ի հաղորդմամբ, Հիւսիսային Սուրիոյ բանակը կազմաւորման հանգրուանին մէջ է, եւ ըստ Ուլաթի, անոր գործունէութիւնը միայն երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ պիտի չսահմանափակուի, այլ պիտի ընդգրկէ Ռաքքան ու Տէր Զօրը նոյնպէս:
Ուլաթի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նշուած ռազմական ուժը 2014 թուականին ստեղծուած է, սակայն այսօր կանոնաոր բանակի կը վերածուի:
Ուլաթ յայտարարած է նաեւ, որ զինամթերքի, զէնքի ու զինավարժութեան հետ կապուած օժանդակութիւնը ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ Միջազգային դաշնութեան ուժերուն կողմէ կը ստանան, շեշտելով, որ վերջիններուս հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի այնպէս, ինչպէս որ էր պատերազմի ընթացքին: