image

Սուրիոյ հերոսներէն... Քրիստոնեայ Ֆարէս Խուրի վարչապետ եւ Իսլամական կալուածոց նախարար

Սուրիոյ հերոսներէն... Քրիստոնեայ Ֆարէս Խուրի վարչապետ եւ Իսլամական կալուածոց նախարար

Սուրիացի մտաւորական, քաղաքական գործիչ Ֆարէս Խուրի ծնած է 1873 թուականին, լիբանանեան Ալ Քաֆիր գիւղը:

Ան իր կարմիր թարպուշով ու ճերմակ, կոկիկ հագուածքով ներկայացած է ՄԱԿ-ի ժողովին, ներկայ գտնուելու համար Սուրիոյ կողմէ պահանջուած նիստին, որուն ընթացքին պիտի բարձրացուէր Ֆրանսայէն անկախանալու հարցը:

Խուրի, որ ժողովէն վայրկեաններ առաջ հասած էր, յառաջանալով կը նստի Ֆրանսայի ներկայացուցիչին յատկացուած աթոռին վրայ, ազատ ձգելով Սուրիոյ յատկացուած աթոռը:

Երբ կը ժամանէ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը, վերջինս մօտենալով Խուրիի կը բացատրէ, թէ այս իրեն յատկացուած աթոռն է, եւ այդ պատճառով ալ անոր դիմաց Ֆրանսայի դրօշը դրուած է: Ֆրանսացին աւելի քան տասը վայրկեան կը փորձէ Սուրիոյ ներկայացուցիչին համոզել հեռանալ իր տեղէն, ցոյց տալ Սուրիոյ աթոռը, անգամ անպարկեշտ բառեր օգտագործելով իր բարկութիւնը կ'արտայայտէ, սակայն Ֆարէս Խուրի անշարժ կերպով կը շարունակէր իր ժամացոյցին նայիլ:

Ճիշտ 25 վայրկեան անց, Խուրի որտի կանգնելով իր ժամացոյցը կը դնէ գրպանը, լայն ժպիտը դէմքին Ֆրանսայի ներկայացուցիչին դիմելով կ'ըսէ. «Յարգարժան դեսպան, քու աթոռիդ վրայ 25 վայրկեան նստելուս պատճառով քիչ մնաց, որ բարկութենէդ զիս սպաննես: Սուրիա ձեր զինուորներուն անշնորհքութեան 25 տարի դիմացաւ, եւ արդէն ժամն է, որ անկախանայ»:

Նշուած օրուան ժողովի ընթացքին Սուրիա անկախացաւ:

Ֆարէս Խուրի 1944 թուականին ե'ւ Սուրիոյ վարչապետ եղած է, ե'ւ Իսլամական կալուածոց նախարար:

Երբ իսլամներէն ոմանք արարկած են իր նշանակման, որպէս քրիստոնեայ անձ, օրուան Իսլամական խորհուրդի նախագահ Ապըտ Ալ Համիտ Թապպահ յայտարարած է. «Մենք քրիստոնեայ Ֆարէս Խուրիին աւելի շատ կը վստահինք մեր կալուածները, քան մենք մեզի: