image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակը մօտեցած է Քասթէլո ռազմավարական ճանապարհէն

Սուրիոյ բանակը    մօտեցած է   Քասթէլո   ռազմավարական   ճանապարհէն

Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին ընթացած  թէժ մարտերէ  ետք Սուրիոյ բանակը յաջողեցաւ  իր տիրապետութեան տակ առնել  դէպի Հալէպի գիւղական   հատուածները տանող  Ալ Մալլահ ագարակի  շրջանը: Այս մասին տեղեկութիւնը տուող աղբիւրներ  նոյնպէս կը յայտնեն, որ այս ընթացքով  Հալէպի շուրջ  եղող ընդդիմադիր  խմբաւորումները կրնան յայտնուիլ բաւական բարդ դրութեան մը առջեւ: Նշենք, որ  Հալէպի հիւսիսային  շրջաններուն մէջ  տեղակայուած են  «Ալ Նըսրա»  ճակատի, ինչպէս նաեւ  Անգարայի  անմիջական նեցուկը  վայելող «Նուր Ալ Տին  Ալ Զընքի»  ջոկատի  խմբաւորումները: Նոյն  առումով եւ  ըստ  տարբեր լրատաուական   աղբիւրներու,  մինչեւ այս պահը  շրջանին մէջ  թէժ  մարտեր   տեղի կ'ունենան:  BBC Arabic Կայանի  Հալէպ տեղակայուած լրագրողին կարծիքով, եթէ  ընդդիմադիրները չկարողանան  վերագրաւել  Սուրիոյ բանակի տիրապետած   շրջաններուն, ապա ընդդիմադիրները  պիտի  իյնան  ծանր  ծուղակի մը մէջ: Ըստ  լրագրող, Ահմատ Ալ Իսսային  Սուրիոյ բանակի առաջնային դիրքերը կը գտնուի  Քասթէլո  կարեւոր    ճանապարհէն   700 մեթր  հեռաւորութեան վրայ: