Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին ընթացած թէժ մարտերէ ետք Սուրիոյ բանակը յաջողեցաւ իր տիրապետութեան տակ առնել դէպի Հալէպի գիւղական հատուածները տանող Ալ Մալլահ ագարակի շրջանը: Այս մասին տեղեկութիւնը տուող աղբիւրներ նոյնպէս կը յայտնեն, որ այս ընթացքով Հալէպի շուրջ եղող ընդդիմադիր խմբաւորումները կրնան յայտնուիլ բաւական բարդ դրութեան մը առջեւ: Նշենք, որ Հալէպի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղակայուած են «Ալ Նըսրա» ճակատի, ինչպէս նաեւ Անգարայի անմիջական նեցուկը վայելող «Նուր Ալ Տին Ալ Զընքի» ջոկատի խմբաւորումները: Նոյն առումով եւ ըստ տարբեր լրատաուական աղբիւրներու, մինչեւ այս պահը շրջանին մէջ թէժ մարտեր տեղի կ'ունենան: BBC Arabic Կայանի Հալէպ տեղակայուած լրագրողին կարծիքով, եթէ ընդդիմադիրները չկարողանան վերագրաւել Սուրիոյ բանակի տիրապետած շրջաններուն, ապա ընդդիմադիրները պիտի իյնան ծանր ծուղակի մը մէջ: Ըստ լրագրող, Ահմատ Ալ Իսսային Սուրիոյ բանակի առաջնային դիրքերը կը գտնուի Քասթէլո կարեւոր ճանապարհէն 700 մեթր հեռաւորութեան վրայ: