image

Սուրիոյ բանակը դաժան հրթիռակոծման կ'ենթարկէ երկրի հարաւային շրջանները

Սուրիոյ բանակը դաժան հրթիռակոծման կ'ենթարկէ երկրի հարաւային շրջանները

Սուրիոյ բանակի կողմէ իրագործուած Տարաա քաղաքի հրթիռակոծման հետեւանքով վեց քաղաքացիներ զոհուած են, կը յայտնէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը, վկայակոչելով Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի յայտարարութիւնը:

Աղբիւրին համաձայն, հրթիռակոծման հետեւանքով վեց զոհուածներուն մէջ երկու երեխայ եղած է, եւ աւելի քան 30 անձ վիրաւորուած:

Նշենք, որ Տարաայի 70 տոկոսը զինեալ ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ կը գտնուի, որոնց դէմ պայքար մեկնարկելու համար շաբաթներէ ի վեր Սուրիոյ բանակը մեծ թիւով ռազմամթերք եւ զօրք կը տեղափոխէր Տարհա: