Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթահ Սիսին յայտարարած է, որ իր պաշտօնավարումը պիտի աւարտի 2030-ին՝ բացառելով նախագահական լիազօրութիւններու ժամկէտը երկարաձգելու որեւէ հնարաւորութիւն։ Այս մասին ան յայտնած է Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17-ին, Եգիպտոսի Ռազմական ակադեմիայի շրջանաւարտներու աւարտական հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, կը հաղորդէ եգիպտական «Ահրամ Օնլայն» պարբերականը։
«2030-ը պիտի ըլլայ նախագահութեանս աւարտը։ Այս հարցը վերջնականապէս լուծուած է», յայտարարած է Սիսին։
Եգիպտոսի նախագահը նաեւ ընդգծած է, որ երկրի սահմանադրութիւնը պիտի մնայ անփոփոխ։ Անոր այս յայտարարութիւնը հնչած է իշխանութեան գլուխը մնալու ժամկէտը երկարաձգելու հնարաւորութեան շուրջ քննարկումներու շրջածիրէն ներս, քանի որ նախագահի կարգ մը աջակիցներ հրապարակաւ արտայայտուած էին անոր՝ 2030-էն ետք եւս պաշտօնավարելու օգտին։
Սիսին ներկայացուցած է նաեւ Ռազմական ակադեմիայի հիման վրայ ծրագիր ստեղծել՝ երկրի ապագայ ղեկավարները պատրաստելու նպատակով։ Ծրագիրը պիտի պատրաստէ նախագահական պաշտօնի թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան, խորհրդարանի եւ պետական այլ հաստատութիւններու մէջ աշխատելու համար մասնագէտներ։ Կ՚ակնկալուի, որ ուսուցումը տեւէ մինչեւ 30 ամիս եւ ընդգրկէ աւելի քան 7,500 ժամ։
Ան շեշտած է, որ Եգիպտոսին պէտք են պատրաստուած անձեր, որոնք ի վիճակի պիտի ըլլան ստանձնելու պետութեան կառավարման պատասխանատուութիւնը։ Անոր համաձայն՝ Ռազմական ակադեմիան պէտք է նպաստէ ապագայ ղեկավարներու նոր սերունդի ձեւաւորման, իսկ ծրագիրին ծախսերը պիտի հոգան զինուած ուժերը։
Սիսին Եգիպտոսի նախագահի պաշտօնը կը վարէ 2014-էն ի վեր։ 2019-ի սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք անոր ներկայ՝ երրորդ պաշտօնավարութեան շրջանը պէտք է աւարտի 2030-ի Ապրիլին։ Այդ փոփոխութիւնները անոր հնարաւորութիւն տուին երրորդ ժամկէտով առաջադրուելու եւ նախագահական պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը չորս տարիէն վեց տարուան բարձրացնելու։