Սուրիոյ բանակի կողմէ իրագործուած Տարաա քաղաքի հրթիռակոծման հետեւանքով վեց քաղաքացիներ զոհուած են, կը յայտնէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը, վկայակոչելով Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի յայտարարութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն, հրթիռակոծման հետեւանքով վեց զոհուածներուն մէջ երկու երեխայ եղած է, եւ աւելի քան 30 անձ վիրաւորուած:
Նշենք, որ Տարաայի 70 տոկոսը զինեալ ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ կը գտնուի, որոնց դէմ պայքար մեկնարկելու համար շաբաթներէ ի վեր Սուրիոյ բանակը մեծ թիւով ռազմամթերք եւ զօրք կը տեղափոխէր Տարհա: