image

Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդն ու ազգային ներկայացուցիչները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդն ու ազգային ներկայացուցիչները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Վեհափառ Հայրապետը, ինչպէս միշտ, իր հայրական զօրակցութիւնը յայտնեց Թեմին եւ իր հայրական յորդորներն ու ցուցմունքները տալէ ետք, իր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ Թեմի զաւակներուն։ 

Բերիոյ Թեմի  պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝

Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2026-ին,Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Տարօն Մակարեան եւ Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ տիար Վրէժ Եագուպեան Լիբանանի մէջ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանէն ներս։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան։

Սրբազան Հայրը եւ ազգային պատուիրակութիւնը տեղեկութիւն փոխանցեցին Վեհափառ Հայրապետին Թեմի գործունէութեան, ներկայ մարտահրաւէրներուն, Հայ Դպրոցի իրավիճակին եւ ներկայիս տիրող կացութեան մասին։ 

Վեհափառ Հայրապետը, ինչպէս միշտ, իր հայրական զօրակցութիւնը յայտնեց Թեմին եւ իր հայրական յորդորներն ու ցուցմունքները տալէ ետք, իր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ Թեմի զաւակներուն։ 

Սրբազան Հայրը եւ ազգային պատուիրակութեան անդամները երախտագիտութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ ցարդ կատարած նիւթաբարոյական զօրակցութեան համար եւ քաջառողջութիւն, անսպառ ուժ եւ կորով մաղթեցին Նորին Սրբութեան։