Օրերս լրացաւ բարերար, տեսլապաշտ եւ իսկական հայրենասէր՝ Վարուժան Գունտաքճեանի մահուան տասներորդ տարելիցը։ Բոլոր զինք ճանչցողներուն կողմէ սիրուած Վարուժանը անջնջելի դրոշմ ձգած է իր կեանքի նուիրումով ու ծառայութեամբ, թէ՛ Լոս Անճելըսի եւ թէ Հայաստանի մէջ։
2026ի Յուլիսին լրացաւ բարերար, տեսլապաշտ եւ իսկական հայրենասէր՝ Վարուժան Գունտաքճեանի մահուան տասներորդ տարելիցը։ Բոլոր զինք ճանչցողներուն կողմէ սիրուած Վարուժանը անջնջելի դրոշմ ձգած է իր կեանքի նուիրումով ու ծառայութեամբ, թէ՛ Լոս Անճելըսի եւ թէ Հայաստանի մէջ։
Պատուելու համար Վարուժանը, անոր մտերիմ բարեկամներն ու ընտանիքը Յուլիս 12ին հաւաքուեցան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ անոր կից գտնուող Հայ Երիտասարդաց կեդրոնին մէջ՝ հոգեհանգստեան պաշտօնի եւ ընդունելութեան համար։ Ձեռնարկը հանգանակեց 30,000 տոլար՝ սատարելու համար ծրագիրները այն կազմակերպութիւններուն, որոնք Վարուժանը շատ կը սիրէր։ Այս նախաձեռնութիւններուն շարքին են՝ Հոլիվուտի Հայ Երիտասարդաց կեդրոնին մէջ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ, AYF) գրասենեակի անուանակոչումը եւ Համազգայինի նոր շէնքի ընդլայնման աջակցութիւնը։
Օրը սկսաւ ի պատիւ իրեն նոր անուանակոչուած ՀԵԴի գրասենեակի ժապաւէնի հատումով, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի օրհնութեամբ։
Վարուժանին երկարամեայ բարեկամ եւ գործընկեր Ռաֆֆի Ուրֆալեան ստանձնած էր օրուան հանդիսավարութիւնը։ Ան իր բացման խօսքով ստեղծեց սրտառուչ մթնոլորտ։ Անոր հետեւեցաւ Վարուժանի որդիին՝ Սեւակի պատրաստած տպաւորիչ տեսանիւթին ցուցադրութիւնը։ Անիկա լուսանկարներու, տեսանիւթերու եւ հարցազրոյցներու հաւաքածոյ մըն էր, որ կը նկարագրէր Վարուժանի կեանքը։ Այս յուզիչ յարգանքի տուրքը եւ յիշատակները թէ՛ ժպիտ եւ թէ արցունք պատճառեցին։
Յիշատակումը շարունակուեցաւ մտերիմ բարեկամներու եւ համայնքային ղեկավարներու անձնական յուշերով։ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Ճան Թիթիզեան, Հուրի Ապաճեան, Մուրատ Շահինեան, Աւետիք Իզմիրլեան, Վահան Կարպուշեան, Արամ Ասլանեան, Ժան Գոսաքեան, Սարգիս Կիտցինեան, Արմինէ Գունտաքճեան եւ Քարլոս Պոզօղլեան իրենց ապրումներ փոխանցեցին՝ մեծարելով Վարուժանի կատակասիրութիւնը, բարութիւնը եւ անոր ձգած մնայուն ազդեցութիւնը։ Բանախօսները ընդգծեցին Վարուժանի սրամտութիւնը, մտածելակերպի իւրայատկութիւնը, ազդու մօտեցումն ու հարցեր լուծելու արտակարգ կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ առատաձեռն բնաւորութիւնն ու բարի սիրտը։
Իր կեանքի ընկերներուն եւ ընտանիքին համար այս հաւաքը իմաստալից առիթ մըն էր մէկտեղուելու, յիշատակներ փոխանակելու եւ արտակարգ կեանք մը տօնակատարելու։ Ներկաներու շարքին էին Վարուժանի երկու 12ամեայ թոռները՝ Քամին եւ Ալիքը։ Թէեւ անոնք իրենց մեծ հայրը կորսնցուցին կանուխ տարիքի մէջ, անոնք մօտէն ականատես եղան այն խոր ազդեցութեան, որ ձգած է մարդ մը, որուն վաստակը պիտի շարունակէ առաջնորդել։
Ինչպէս հայոց բանաստեղծութեան հսկան՝ Յովհաննէս Թումանեան գրած է․ «Գործն է անմահ, լաւ իմացէք, որ խօսւում է դարէ դար. Երնէկ նրան, որ իր գործով կ՛ապրի անվերջ, անդադար»։
Քիչեր մարմնաւորեցին այս զգացումները այնքան ամբողջականօրէն, որքան Վարուժան Գունտաքճեանը։ Ան լիովին մարմնաւորեց այն յաւերժական դասը, թէ ամէն բանէ վեր՝ բարի գործերն են անմահ։


(Քաղուած Լալիկ Գունտաքճեանի թղթակցութենէն)