image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլցի զինուnրականները կրակած են Սուրիոյ հարաւը գտնուող բնակելի թաղամասերու ուղղութեամբ

Իսրայէլցի զինուnրականները կրակած են Սուրիոյ հարաւը գտնուող բնակելի թաղամասերու ուղղութեամբ

Իսրայէլացի զինուորները մուտք գործած են Սուրիոյ հարաւը գտնուող Քունէյթրա նահանգի բնակավայրերէն մէկը եւ կրակ բացած են բնակելի թաղամասերու ուղղութեամբ։ Այս մասին հաղորդած է սուրիական «Al Ekhbariya» հեռուստակայանը։

Ըստ աղբիւրին՝ իսրայէլական երկու հրասայլ եւ քանի մը զինուորական մեքենաներ Քունէյթրա նահանգի հարաւային մասին մէջ գտնուող Սէյտա ալ-Հանութ գիւղէն շարժած են դէպի արեւմուտք եւ անկանոն կրակ բացած են բնակելի թաղամասերու ուղղութեամբ։

«Syria TV» հեռուստակայանը հաղորդած է նաեւ, որ իսրայէլական հրետանին ռմբակոծած է Սուրիոյ հարաւը գտնուող Տերաա նահանգի արեւմտեան մասին մէջ գտնուող Մաարիա բնակավայրի ծայրամասերը։