image

Պէյրութը՝ վիրաւոր, Լիբանանի պետականութիւնը հարցականի տակ

Պէյրութը՝ վիրաւոր, Լիբանանի  պետականութիւնը հարցականի տակ

Պիտի ուզէի՞ ապրիլ այդպիսի երկրի մը մէջ։ Բաւարար պիտի ըլլայի՞ն արդեօք ուժերս, որպէսզի ես ալ «կռուիմ» յանուն Լիբանանի փրկութեան…

Պատասխաններս տկար են, հոգիս՝ անվստահ, իսկ ստեղծուած պատկերը՝ նոյնքան բարդ, մոխրագոյն եւ անյուսալի։

 Սագօ  Արեան լրագրողի էջ-էն  կը կարդանք՝ 

Երբեք, երբեք պիտի չուզէի տեսնել այսպիսի Պէյրութ մը։

Պէյրութ մը, որ վիրաւոր է, որուն զաւակները շուարած են, երդիքը ճաթռտած է, իսկ յոյսը՝ մարած…

Այս համապատկերը սկսաւ ուրուագծուիլ 2019 թուականի Հոկտեմբերէն սկսեալ, երբ լիբանանեան թղթոսկին՝ լիրան, մեծ անկում մը ապրեցաւ։ Անկէ ետք ալ անկում ապրեցաւ գրեթէ ամէն ինչ։

Հազարաւոր մարդիկ փողոց իջան՝ «յեղափոխութիւն» մը կերտելու նպատակով։ Սակայն այդ փորձն ալ թալանուեցաւ, ինչպէս՝ շատ ու շատ շարժումներ, որոնք աշնան տերեւներու նման ինկան գետին…

Խորքին մէջ, այդ փորձերը ոչինչ էին, եթէ ոչ բողոքի արտայայտութիւններ՝ ընդդէմ անիրաւութեան, պետականազուրկ ըլլալու զգացումին եւ յափշտակութեան մը, որուն խորքին կային անարդարութիւնը, յարանուանական հաշիւները եւ շրջանային ազդեցութիւններու ու պայքարներու սպաննող թոյնը։

Այսօր ալ բան չէ փոխուած։ Եւ այս առաւօտ, երբ հերթական անգամ Պէյրութէն հասնող տեսանիւթերը կը դիտես, ահա դարձեալ կը մտածես պետականութեան մը հաւաքական մահուան մասին։

Այո՛, ինչպէս անցնող քսան-երեսուն տարիներուն, այսօր ալ դաժան պայքար մը կը մղուի՝ Լիբանանի պետութիւնն ու պետականութեան գաղափարը պատէ պատ զարնելու, գետին տապալելու, ապտակելու, ունեզրկելու եւ արժէզրկելու համար։

Անունները կրնան փոխուիլ, անունները կրնան գունաւորուիլ, երանգները կրնան փոխուիլ, բայց իսկական պատկերը կը մնայ նոյնը՝ նոյն հաւասարութեան եւ նոյն «զէրօ կէտ»ին վրայ։

Կը մեռնի՞ արդեօք այս պետութիւնը։ Չեմ կրնար գիտնալ։ Սակայն եղած փորձերն ու ձեւաւորուած տրամաբանութիւնը որոշ չափով ցոյց կու տան, որ հերթական անգամ տեղի կ՚ունենայ Լիբանանի պետութիւնը ամբողջութեամբ զաւթելու եւ պետականութեան գաղափարը սպաննելու փորձ մը։

Գրաւուած թաղեր, գրաւուած շրջաններ, այլ երանգներով ու կերպերով ծածանող դրօշակներ եւ, ի վերջոյ, «գունաւոր» ճիգ մը՝ որպէսզի լիբանանցի սովորական քաղաքացին դարձեալ վերադառնայ իր հին յանկերգին ու ըսէ. «Մենք արդէն պետութիւն չունինք, եւ ամէն ոք իր գլխուն ճարին պէտք է նայի…»։

Իրապէս ցաւով կը գրեմ այս բոլորը։ Ապրած ըլլալով լիբանանեան տագնապի բոլոր դառն օրերը՝ միտքերս զիս կը տանին այնպիսի տեղ մը, ուր յստակ կը դառնայ Լիբանանի պետութեան եւ պետականութեան մեծ կորուստին իրական պատկերը։

Համապատկերը։

Պիտի ուզէի՞ ապրիլ այդպիսի երկրի մը մէջ։ Բաւարար պիտի ըլլայի՞ն արդեօք ուժերս, որպէսզի ես ալ «կռուիմ» յանուն Լիբանանի փրկութեան…

Պատասխաններս տկար են, հոգիս՝ անվստահ, իսկ ստեղծուած պատկերը՝ նոյնքան բարդ, մոխրագոյն եւ անյուսալի։