Հայրենի «Հրապարակ» պարբերականի լրագրողներէն Արա Ալոյեան հարցազրոյց մը ունեցած է ամերիկահայ ազգային եւ քաղաքական գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին հետ՝ քննարկելով Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն ընդառաջ Թրամփի եւ Զելենսքիի միջեւ յարաբերութիւններուն սրումը, Ուաշինկթընի՝ Ռուսաստանի նկատմամբ քարիւղային պատժամիջոցները մեղմացնելու որոշումը, ինչպէս նաեւ այս քայլերուն ազդեցութիւնը Թրամփի ժողովրդականութեան վրայ։
Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կը կատարուի ամերիկահայութեան տրամադրութիւններուն, Հանրապետական եւ Դեմոկրատ կուսակցութիւններուն նկատմամբ անոր վերաբերմունքին, Հայաստանի եւ TRIPP ծրագիրին առնչութեամբ ունեցած ակնկալիքներուն, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան մէջ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ ամերիկահայ չորս եկեղեցական թեմերու առաջնորդներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման նախաձեռնութեան, նպատակներուն եւ քաղաքական նշանակութեան։ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը ներկայացնէ իր դիտարկումները ամերիկեան ներքին քաղաքականութեան զարգացումներուն եւ անոնց՝ ամերիկահայ ընտրողներուն դիրքորոշումներուն վրայ ունեցած հաւանական ազդեցութեան մասին՝ միաժամանակ անդրադառնալով հանդիպման ընթացքին Արցախի եւ Պաքուի մէջ ազատազրկուած հայ գերիներուն հարցերուն վերաբերեալ աւելի խորքային քննարկումներու անհրաժեշտութեան։
- Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն ընդառաջ սրած են Թրամփի եւ Զելենսքիի յարաբերութիւնները։ Նախ՝ ԱՄՆ-ի նախագահը մեղմացուց Ռուսաստանի դէմ սահմանուած քարիւղային պատժամիջոցները։ Արեւմտեան մամուլին համաձայն՝ այս քայլը, ընտրութիւններուն նախաշեմին, միտուած է Թրամփի հեղինակութիւնը բարձրացնելու։ Զելենսքիի պարագային ալ ան կոչ ըրաւ անոր՝ հեռանալու պաշտօնէն։ Այս առճակատումը պիտի՞ խորանայ։
-ԱՄՆ-ի քաղաքական իրականութեան մօտէն եւ խորքային դիտանկիւնէ հետեւողիս համար իսկական անակնկալ էին Նախագահ Թրամփի ձեր նշած քայլերը, մանաւանդ՝ նկատի ունենալով մօտալուտ Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւնները։
Նախ՝ ամերիկեան համազգային բոլոր հարցախոյզները, առանց բացառութեան, ցոյց կու տան, որ հանրութեան մօտ խոր հակակրանք կայ Ռուսաստանի եւ յատկապէս Նախագահ Փութինի հանդէպ։ Այս վերաբերմունքը հաւասարապէս կը դրսեւորուի թէ՛ Հանրապետական եւ թէ՛ Դեմոկրատական կողմնորոշում ունեցողներուն մօտ։ Հետեւաբար, բոլորովին անհասկնալի էր, թէ ինչո՛ւ Թրամփ դիմեց վերոնշեալ քայլերուն։
Երկրորդ՝ եթէ Թրամփն ու իր վարչակազմը կը կարծէին, որ Ռուսաստանի նկատմամբ քարիւղային պատժամիջոցներու մեղմացումը պիտի նպաստէր վառելանիւթի եւ, ընդհանրապէս, նաւթի գիներու նուազման, նոյնիսկ մակերեսային ուսումնասիրութիւն մը բաւարար պիտի ըլլար հասկնալու, որ ամերիկեան շուկային մէջ գործածուող վառելանիւթի ընդհանուր ծաւալին համեմատութեամբ, ռուսական դիզելային վառելանիւթը չնչին բաժին մը կը կազմէ։
Այսպէս, դիզելային վառելանիւթի շուկայական գիները ոչ միայն չնուազեցան, այլեւ որոշումին յաջորդող օրերուն արձանագրեցին աճ։ Ահա թէ ինչո՛ւ անցեալ շաբաթ կատարուած որոշ հարցախոյզներ ցոյց կու տան, որ Թրամփի ժողովրդականութիւնը եւս 1-2 տոկոսով նուազած է՝ արդէն իսկ աննախընթաց եւ մտահոգիչ՝ 33-34 տոկոսի մակարդակին հասած ըլլալէ ետք։
- Ինչպիսի՞ տրամադրութիւններ կը տիրեն ամերիկահայութեան մօտ՝ նոյն ընտրութիւններուն առնչութեամբ։ Կա՞ն որոշակի կամ հաւաքական ակնկալիքներ, գոնէ Հայաստանի վերաբերեալ հարցերու առումով։
-Դժուար է այս ուղղութեամբ ճշգրիտ եզրակացութիւններ կատարել, որովհետեւ չկան հարցախոյզներ, որոնք յատկապէս ամերիկահայութեան կարծիքը կը ներկայացնեն։
Իմ կարծիքով՝ վերջին տարիներուն, յատկապէս անցնող տասնամեակին, Հայաստանէն արտագաղթած մեր հայրենակիցներուն մօտ աւելի մեծ հակուածութիւն կայ դէպի Հանրապետական կուսակցութիւնը։ Սակայն վերջին տարուան ընթացքին Հանրապետականներուն մօտ եւս Թրամփի հանդէպ դժգոհութիւնը կը խորանայ, մինչդեռ Դեմոկրատ հայերուն մօտ անոր նկատմամբ հակակրանքը հետզհետէ կ՚աճի։
Հայաստանի նկատմամբ Թրամփի որդեգրած դիրքորոշումին եւ TRIPP ծրագիրին շնորհիւ, անոր հանդէպ որոշ համակրանք կրնար ձեւաւորուիլ։ Սակայն այժմ նոր նկատառումներ ի յայտ եկած են, եւ սկզբնական երախտագիտութիւնը հետզհետէ կը մաշի։
Չեմ եզրակացներ, թէ հայերուն մեծամասնութիւնը պիտի փոխէ իր քաղաքական հաւատարմութիւնը եւ պիտի քուէարկէ Դեմոկրատներուն օգտին։ Սակայն տրամաբանական է ակնկալել, որ անոնք, Հանրապետական այլ ընտրողներուն նման, ձեռնպահ պիտի մնան եւ քուէատուփ պիտի չերթան։ Ասիկա, անկասկած, անուղղակիօրէն պիտի նպաստէ Դեմոկրատներուն։
-ԱՄՆ-ի հայ հոգեւորականները հանդիպեցան Թրամփի հետ՝ չորս թեմերու առաջնորդներուն մասնակցութեամբ, որոնցմէ երկուքը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, իսկ միւս երկուքը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն։ Որո՞ւ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ այս հանդիպումը եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր։ Տպաւորութիւն ստեղծուեցաւ, թէ պատմական հանդիպում մըն էր, սակայն ո՛չ եկեղեցական հարցերու, ո՛չ Արցախի եւ ո՛չ ալ Պաքուի մէջ ազատազրկուած հայ գերիներուն անդրադարձ կատարուեցաւ։
-Թրամփի վարչակազմը Սպիտակ տան մակարդակով, մօտաւորապէս նախարարական լիազօրութիւններով օժտուած կրօնական հարցերու աւագ խորհրդական մը ունի՝ ի դէմս Տիկ. Փաուլա Ուայթ-Քէյնի, որ մեծ աշխատանք կը տանի, մասնաւորաբար, փոքրամասնութիւններուն հետ՝ զանոնք Սպիտակ տան հետ կապի մէջ պահելու ուղղութեամբ։
Հենց այս տիկինն է, որ Հայաստանի դեսպանութեան հետ գործակցաբար կազմակերպած է հայ հոգեւորականներուն հանդիպումը Թրամփի հետ։
Աւելցնեմ, որ նախորդ վարչակազմերու օրով եւ այլ նախագահներու հետ նման հանդիպումներու պարագային, հայկական պատուիրակութիւնը աւելի ներկայացուցչական եղած է եւ ընդգրկած է նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Այս առաջին անգամն է, որ նման հանդիպման մը մասնակցած է բացառապէս կրօնական ներկայացուցիչներէ բաղկացած հայկական պատուիրակութիւն մը։
Ինչ կը վերաբերի հանդիպման ընթացքին քննարկուած նիւթերուն, իմ ունեցած տեղեկութիւններուս համաձայն՝ առնուազն Պաքուի մէջ արգելափակուած հայ քաղբանտարկեալներուն մասին անուղղակի ակնարկութիւն մը կատարուած է, թէեւ՝ բաւական մակերեսային ձեւով։
Յստակ է, որ այս հանդիպումը եւ զայն լուսաբանող պաշտօնական հաղորդագրութիւնները միտուած էին Թրամփի ժողովրդականութիւնը բարձրացնելուն։ Անոնք ունէին առաւելաբար արարողակարգային բնոյթ, եւ, հետեւաբար, խորքային քննարկումներու առիթ չէին կրնար դառնալ։