image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակի ջոկատներ դէպի Ռաքքա

Սուրիոյ  բանակի  ջոկատներ    դէպի Ռաքքա

Հիւսիսային   Սուրիոյ    մէջ տեղի ունեցած  զարգացումներուն   ծիրին մէջ կը հաղորդուի, որ   երկրի  բանակի ստորաբաժանումներ    կը պատրաստուին Ռաքքա     մտնել։

Այս  մասին   տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Ուաթան»    պարբերականը,  նշելով նաեւ, որ    յստակ ժամ  որոշուած  չէ եւ որեւէ   պահու   Ռաքքայի  դռներուն կուտակուած  բանակի միաւորները      քաղաք   կրնան մտնել։ Թերթի թղթակիցը, որ    այդ շրջանէն  յատուկ   ռէբորթաժ մը պատրաստած է  նաեւ  գրած է, որ  շրջանի  բնակիչները     մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասեն  բանակին  նշելով նաեւ, որ Ռաքքան միշտ ալ բանակի   եւ  պետութեան կողքին   եղած  է։