Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն ծիրին մէջ կը հաղորդուի, որ երկրի բանակի ստորաբաժանումներ կը պատրաստուին Ռաքքա մտնել։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Ուաթան» պարբերականը, նշելով նաեւ, որ յստակ ժամ որոշուած չէ եւ որեւէ պահու Ռաքքայի դռներուն կուտակուած բանակի միաւորները քաղաք կրնան մտնել։ Թերթի թղթակիցը, որ այդ շրջանէն յատուկ ռէբորթաժ մը պատրաստած է նաեւ գրած է, որ շրջանի բնակիչները մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասեն բանակին նշելով նաեւ, որ Ռաքքան միշտ ալ բանակի եւ պետութեան կողքին եղած է։