image

Սուրիան մասնատելու նոր ծրագի՞ր

Սուրիան մասնատելու նոր ծրագի՞ր

Վերջին շրջանին կրկին ծայր առած են Սուրիան մասնատելու մասին խօսակցութիւնները: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով այս առթիւ յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն ըստ երեւոյթին կը միտի մասնատել Սուրիան:

«Ռուսիոյ ղեկավարներ» խորագրով մրցոյթի մասնակիցներուն ներկայութեամբ ելոյթ ունեցած Լաւրով յայտնած է, ԱՄՆ ետ կանգնած է Ռուսիոյ տուած բոլոր խոստումներէն, եւ հակառակ անոր, որ Սուրիա գտնուելու անոնց միակ նպատակը «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքար մղելն էր, սակայն ներկայիս կը մերժեն հեռանալ, մինչեւ Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական լուծում ստանալը, որուն դրսեւորումը պիտի ըլլայ վարչակարգի փոփոխութիւնը:

«Սուրիոյ մասնատման ծրագիրը իսկապէս գոյութիւն ունի, եւ մենք տեղեակ ենք անկէ, ու հարց պիտի տանք ԱՆ-ին, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ այն»: