image

Սուրիա- Լիբանան սահմանին 13 զոհ. Պատճառը սառնամանիքն է

Սուրիա- Լիբանան սահմանին 13 զոհ. Պատճառը սառնամանիքն է

Լիբանանի Ալ Մասնաա սահմանամերձ շրջանին մէջ երէկ 13 անձերու  դիակներ յայտնաբերուած է, որոնք ձիւնի ու սարնամանիքի պայմաններուն մէջ սառած ու մահացած են, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին համաձայն, սառնամանիքի զոհերը Սուրիայէն ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործել փորձող սուրիացի փախստականներ են:

Դէպքի վայր հասած Արտակարգ իրավիճակներու միաւորները յաջողած են 5 անձ փրկել, իսկ մահացածները տեղափոխուած են հիւանդանոցներ, անոնց ինքնութիւնը պարզելու համար:

Աւելի ուշ     պարզ  դարձաւ, որ  զոհուածներուն   8-ն կիներ են  իսկ   3-ը   երեխաներ: