Լիբանանի Ալ Մասնաա սահմանամերձ շրջանին մէջ երէկ 13 անձերու դիակներ յայտնաբերուած է, որոնք ձիւնի ու սարնամանիքի պայմաններուն մէջ սառած ու մահացած են, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին համաձայն, սառնամանիքի զոհերը Սուրիայէն ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործել փորձող սուրիացի փախստականներ են:
Դէպքի վայր հասած Արտակարգ իրավիճակներու միաւորները յաջողած են 5 անձ փրկել, իսկ մահացածները տեղափոխուած են հիւանդանոցներ, անոնց ինքնութիւնը պարզելու համար:
Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ զոհուածներուն 8-ն կիներ են իսկ 3-ը երեխաներ: